Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ այսօր պիտի մեկնի Քաթար, ուր պիտի հետապնդէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ ինք պիտի մերժէ համամասնական դրութիւնը զանց առնող որեւէ ընտրական օրինագիծ: Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին շուրջ գոյացած համախոհութիւնը թաղած է 1960-ի ընտրական օրէնքը:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ հրատարակուող «Ինսայտ տը Վատիկան» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը, որուն համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը 2012-ի կարեւորագոյն 10 անձնաւորութիւններու շարքին կը դասուի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի դէմ կատարուած մահափորձի թղթածրարին մեղսակից ոչ մէկ յանցագործ ձերբակալուած է ապահովական ուժերուն կողմէ, հակառակ անոր որ այդ յանցագործները բոլորին ծանօթ են:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք բաց են եւ պատրաստ` քննարկելու ընտրական որեւէ օրէնք, որուն հիման վրայ ճշգրիտ եւ հաւասար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովուի խորհրդարանին մէջ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ Ընկերվար յայռաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթն է, որ կ՛ընդդիմանայ իրենց` աւելցնելով, որ իրենց պահանջածը սահմանադրութեան մէջ գտնուող իրաւունքներ են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենց հոսանքին համար կարեւորը այն է, որ պահպանուի երկրին սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն մերժեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին հիման վրայ կատարել, որովհետեւ անիկա քաղցկեղի նման օրինագիծ մըն է:

