Ռումիէի Բանտէն Արգելափակեալներու Փախուստը Ձախողեցուած Է
Ռումիէի բանտին պատասխանատուները երէկ ձախողեցուցին Ռումիէի բանտէն փախուստ տալու փորձ մը, որ մինչեւ օրս փախուստի ամէնէն լուրջ փորձն էր:
Ըստ Ռումիէի բանտապահներուն, արգելափակեալները 17 մեթր երկարութեամբ 4 պարաններ կրցած էին հասցնել դէպի բանտին մայր դուռը, ինչպէս նաեւ կրցած էին հսկողութեան կեդրոնին եւ մայր դրան միջեւ ճամբան ապահովել, հետեւաբար բանտէն փախուստ տալու ծրագիրը հասած էր իր վերջին հանգրուանին:
Այս դէպքին մասին բացուած հետաքննութեան նպատակով, Ռումիէ ժամանեց Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչի օգնական դատաւոր Տանի Զըհըննի, որ ուղղակի հետաքննութիւն մը սկսաւ կասկածելիներուն հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան