Ժահժահ. «Ընտրական Օրէնք Մը Մշակելու Լուրջ Ջանքեր Կան»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու նպատակով լուրջ ջանքեր ի գործ կը դրուին` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:
Ժահժահ նշեց, որ պէտք է վերջ մը դրուի ժամանակ կորսնցնելու քաղաքականութեան:
Իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` Ժահժահ ըսաւ, որ եթէ ինք սէյիտ Նասրալլային տեղ ըլլար, ապա կուսակցութեան զինուորական թեւը կը լուծէր եւ իր զէնքը կը յանձնէր լիբանանեան պետութեան` շարունակելով միայն քաղաքական գործունէութեամբ:
CATEGORIES Լիբանանեան

