Ըստ Մարուան Համատէի «Ախպար» Օրաթերթին Մէջ Լոյս Տեսած Իպրահիմ Ամինի Յօդուածը Իր Դէմ Սպանութեան Լուրջ Սպառնալիքներ Կը Բովանդակէ

Երեսփոխան Մարուան Համատէի տեղեկատու գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Համատէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի, ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի եւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի հետ եւ անոնց ուշադրութեան յանձնած «Ախպար» օրաթերթի երէկուան թիւին մէջ լոյս տեսած Իպրահիմ Ամինի յօդուածը, որ կը կրէր «Միջազգային դատական ատեանը պիտի գոյատեւէ եւ մենք լուռ պիտի չմնանք» խորագիրը:

Համատէ նշած է, որ այդ յօդուածը կը բովանդակէ սպանութեան յստակ սպառնալիքներ, որոնք ուղղակիօրէն իրեն դէմ ուղղուած են:

Համատէ «Ախպար» օրաթերթն ու Իպրահիմ Ամինը պատասխանատու նկատած է իր կեանքի մնացեալ օրերուն:

Share this Article
CATEGORIES