Ժոմպլաթ. «Ընտրական Օրէնքին Մասին Յստակ Կեցուածք Պիտի Յայտնենք»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին մասին իրենք յստակ կեցուածք մը պիտի արտայայտեն` աւելցնելով, որ իրենք այս նպատակով ընտրական որոշ օրինագիծեր սերտելու ընթացքին մէջ են:

Ժոմպլաթ ըսաւ, որ եթէ քաղաքական ուժերը կը մտածեն կամ կը կարծեն, թէ իրենք կրնան յաղթել կամ ուրիշը ջնջել, ապա անոնք կը սխալին:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները անցողակի հանգրուան մըն են, որուն կը յաջորդէ ազգային երկխօսութիւնը:

Ժոմպլաթ ողջունեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէն եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէն` անոնց որդեգրած ազգային կեցուածքին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES