«Ընտրական Նոր Օրինագիծի Մը Շուրջ Անհամաձայնութիւնը Պիտի Նշանակէ Պահել 1960-ի Օրէնքը» Շեշտեց Շարպել
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնել կը նշանակէ պահել 1960-ի ընտրական օրէնքը` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով արձանագրուած ուշացումը, երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու առումով կրնայ թեքնիք յապաղում պարտադրել:
Շարպել նշեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ 9 յունիսին, եւ Լիբանանի կառավարութիւնը պատրաստ է ընտրութիւնները այդ թուականին կատարելու:
Ներքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը տակաւին չէ քննարկուած` աւելցնելով, որ երեսփոխաններէն կը պահանջուի իրենց նիստերուն ընթացքին իրենց կեցուածքը ճշդել այդ օրինագիծին առնչութեամբ:
Միւս կողմէ, Շարպել երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակման միջազգային արշաւի ներկայացուցիչներուն մէկ պատուիրակութեան հետ:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ժոզեֆ Ապտալլա, Պասսամ Քանթար, Հատի Պաքտաշ եւ Հասան Սապրա:

