Վարչապետ Սարգսեան Ընդունեց Փաւլիւքը

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար Օլեքսանտր Փաւլիւքը:

Հանդիպման ընթացքին Եւրոպական խորհուրդի նոր նշանակուած ղեկավարը ընդգծեց, որ այս տարի Հայաստանը պիտի նախագահէ Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ զարգացնելու Երեւանի եւ Սթրազպուրկի միջեւ համագործակցութիւնը:

Փաւլիւք պատրաստակամութիւն յայտնեց իր առաքելութեան ծիրին մէջ աջակցելու Հայաստանի իշխանութիւններուն Եւրոպական խորհուրդին մէջ նախագահութեան եւ Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ 2012-2014 թուականներու գործողութիւններու ծրագիրին իրականացման առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )