«Ուրուկուէյի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանի Նոր Քայլերուն Գծով Ընելիք Ունինք» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
Ազրպէյճանական մամուլը, յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին, կը նշէ, որ վերջերս Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի նախագահի յատուկ պատուիրակ Տիեկօ Քանեփայի հետ, որ Ալիեւին փոխանցած է Ուրուկուէյի նախագահ Խօսէ Ալպերթօ Մուհիքի Քորտանոյի նամակը եւ յայտնեց, որ նախագահէն յատուկ կարգադրութիւն ստացած է` Ազրպէյճանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու: Ան նշած է, որ Ուրուկուէյ հետաքրքրուած է Ազրպէյճանի հետ տարբեր մարզերու մէջ յարաբերութիւններու հաստատումով: Պատուիրակը ընդգծած է, որ անոր համար կան նախադրեալներ:
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ որեւէ պետութիւն այնպէս չի «հետաքրքրուիր» Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումով: Անոր համար Ազրպէյճան նախապէս բազմաթիւ «նպատակասլաց աշխատանքներ» տարած է:
Յայտնի է, որ Ուրուկուէյը ընդգծուած դրական վերաբերմունք ունի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ: Իսկ Ազրպէյճան քաղաքականութիւն որդեգրած է լաւ կապեր հաստատելու յատկապէս այն պետութիւններուն հետ, որոնք այս կամ այն չափով բարեկամական երկիր են Հայաստանին:
Այս պարագային ի՞նչ պահուած է այս նոր «բարեկամութեան» հիմքին մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ չի կարծեր, որ ատիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաշուոյն, բայց նաեւ չի ալ բացառեր: «Ազրպէյճան հաւանաբար կը ցանկայ դնել ղարաբաղեան հարցին մէջ կամ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Ուրուկուէյի կեցուածքի փոփոխութեան հարցը: Այս առումով ընելիք ունին թէ՛ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը, թէ՛ Ուրուկուէյի հայկական համայնքը», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան` վստահեցնելով, որ իրենք համայնքին հետ մնայուն կապի մէջ են:

