«Այս Ընտրութիւնները Վերածուած Են Խաղի Մը, Որ Կանոններ Չի Ճանչնար» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր Մետիա»-ի «Երկրի հարցը» հաղորդման ընթացքին յայտնեց, որ «մենք յառաջիկայ մէկուկէս-երկու ամիսը որոշակի դադարի մէջ ենք: Ճիշդ է, որ պետութեան մէջ ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնները պիտի ըլլան», բայց իրենց կանխատեսելիութեամբ որեւէ ակնկալիքի տեղ չեն ձգեր»:
Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները չեն կրնար ըլլալ դանդաղ. այնքան ակնյայտ եւ դժուար են խնդիրները, որ անոնց քայլ առ քայլ լուծումը ոչ մէկ տեղ կը տանի, անհրաժեշտ են արմատական, կտրուկ փոփոխութիւններ: «Մենք եկած ենք սահմանագիծի մը, որ ոչ թէ կը փորձենք քննարկել ու լուծել: Այսօր վտանգաւոր վերջին սահմանագիծն է, որմէ ետք պիտի ըլլան փոփոխութիւններ», ընդգծեց Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան նաեւ շեշտեց, որ 1995-էն սկսեալ ընտրական համակարգը` իբրեւ իշխանութիւն փոխելու միջոց, Հայաստանի մէջ ոչնչացած է: Այս բնոյթի ընտրութիւններուն մասնակցիլ կը նշանակէ ձեւ ընել, թէ ընտրութեամբ զբաղած ենք:
Դաշնակցական պատգմաւորը մատնանշեց նաեւ ՀՅԴ խնդիրները: «Մենք ունինք լրջագոյն հարց, որուն կը գիտակցինք. մենք ունինք լաւ պատմութիւն, հրաշալի ծրագիրներ, լաւ խումբ: Բայց մենք ունինք խնդիր մը` դժբախտաբար, չենք յաջողած այս ընթացքին հասկնալի, պարզ ձեւով մեր հասարակութեան, քաղաքացիներուն, ընկերային շերտերուն ապացուցել, որ մեր գաղափարը, ճամբան երկրին համար իրագործելի ծրագիրներ են, որ Դաշնակցութեան հետ քաղաքացին յոյս կապէ: Ասոնք առարկայական պատճառներ են»:
Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի ընելիքները պիտի սկսին ընտրութիւններէն ետք:
«Այս ընտրութիւններով իշխանափոխութիւն կատարելու յոյս չեմ տեսներ: Այս ընտրութիւնները վերածուած են խաղի մը, որ կանոններ չի ճանչնար: Այս ընտրութիւններով երկրին, քաղաքացիին առջեւ կանգնած խնդիրները չեն լուծուիր», ըսաւ Աղուան Վարդանեան եւ եզրակացուց. «Քաղաքական դաշտի վերաձեւաւորուիլը ակնյայտ է»:


