«Ներկայ Ընթացքը Նկատի Ունենալով` Շատ Հաւանաբար Ոեւէ Մէկուն Չսատարենք» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան ընդգծեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գերագոյն ժողովը Գերագոյն մարմինին լիազօրած է հետեւիլ ընտրարշաւին եւ անհրաժեշտութեան պարագային յայտարարութեամբ հանդէս գալ:
Ըստ անոր, 25 դեկտեմբերին, երբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն ժողովը, պարզորոշ չէր, թէ որո՛նք պիտի արձանագրուին իբրեւ նախագահի թեկնածու, ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ ընտրարշաւը, անոր համար ալ այդ ժամանակ այսպիսի լիազօրութիւն չէ տրուած:
«Երբ քարոզարշաւը սկսի, նախընտրական ծրագիրները ներկայացնեն, կազմակերպեն քարոզարշաւը, անհրաժեշտութեան պարագային պիտի յայտնենք մեր դիրքորոշումը, եւ կը կարծեմ, որ պիտի յայտնենք», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը: «Կարելի է, որ ոեւէ մէկուն չսատարելու վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնենք, կարելի է սատարենք ոեւէ թեկնածուի, բացառութեամբ` իշխանութեան թեկնածուի», ընդգծեց Համբարձումեան:
Ըստ Արսէն Համբարձումեանի, ներկայ ընթացքը նկատի ունենալով` ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլայ առաջին տարբերակը` ոեւէ մէկուն չսատարել, որովհետեւ սատարելը ինքնանպատակ չէ, եթէ թեկնածուն կը մասնակցի ընդամէնը մասնակցութեան համար, որեւէ էական փոփոխութիւն Հայաստանի եւ հասարակութեան կեանքին մէջ առաջ չի բերեր, բնականաբար Դաշնակցութեան սատարելը անիմաստ կը դառնայ:
Արսէն Համբարձումեան ընդգծեց, որ եթէ որոշ հոլովոյթներ տեղի ունենան, օրինակ` առաջադրուած թեկնածուներու միաւորման հոլովոյթը կամ լուրջ նախընտրական պայքար, մրցակցային վիճակ եւ այդտեղ Դաշնակցութեան մասնակցութեան պարագային կարելի պիտի ըլլայ էական բան փոխել, այդ պարագային կարելի է դիրքորոշումի փոփոխութիւն, բայց այսօր գոնէ Դաշնակցութիւնը այդպիսի բան չի տեսներ:


