Արազ Օզպիլիս Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Քուպանի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր ակումբին հետ վերսկսաւ իր փորձերուն: Ան թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած ուսումնամարզական հաւաքին կատարուած առաջին փորձ-մրցումին չէր կրցած մասնակցիլ:
Քուպանի պաշտօնական կայքէջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին, Քուպանի բժիշկը` Ալեքսանտր Լենսքու, ըսաւ. «Օզպիլիսի վիճակը բարելաւուած է, եւ անոր շնորհիւ ան վերսկսած է իր փորձերուն: Կը կարծեմ, որ առաջին քանի մը օրը ան թեթեւ փորձեր պիտի կատարէ, որմէ ետք իր սովորական փորձերը` իր խմբակիցներուն հետ»:
CATEGORIES Մարզական