Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզի 23-րդ Պարտութիւնը
Էն. Պի. Էյ.-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց տարեշրջանի իր 23-րդ պարտութիւնը Թորոնթօ Ռեփթըրզէն` 108-103 արդիւնքով: Քոպի Պրայընթ ի նպաստ Լէյքըրզի նշանակեց 26 կէտ:
Տենվըր Նակեթց երկարաձգման ընթացքին 121-118 արդիւնքով յաղթեց Օքլահոմա Սիթիին, հակառակ անոր որ վերջինիս մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 37 կէտ:
Տալաս Մավըրիքս 111-105 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքի, մինչ երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Տիթրոյիթ Փիսթընզ յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսի (121-118):
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Նիւ Օրլինզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց
Աթլանթա Հոքս – Մինեսոթա Վուլվ
Նիւ Եորք Նիքս – Պրուքլին Նեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ

