Նորայր Մամետով Փոխեց Իր Մականունը
ArmFootball.com լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հոլանտական Էմմենի խումբին մաս կազմող, միջնապահ Նորայր Մամետով փոխած է իր մականունը եւ այժմ կրնայ մաս կազմել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
«Անձնագիրիս հետ կապուած խնդիրները լուծուած են: Խումբին հետ ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ եւ արդէն բոլոր մրցումներուն հիմնական կազմին հետ դաշտ կը ներկայանամ: Այժմ կը սպասեմ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչին հրաւէրին», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի անոր ստացած նոր մականունին, ապա ան ըսած է, թէ զայն պիտի հրապարակէ այն ատեն միայն, երբ հաւաքականէն հրաւէր ստանայ: Ներկայ հանգրուանին, որովհետեւ այդ ուղղութեամբ լուր չկայ, ան չ՛ուզեր այդ մասին խօսիլ:
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 5 փետրուարին Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը ֆրանսական Վալանս քաղաքին մէջ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լիւքսամպուրկի դէմ:
Ըստ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջին, Հայաստանի հաւաքականէն պաշտօնական հրաւէր ստացած են յառաջապահներ Մաուրօ Գեւկէօզեան (Ֆենիքս, Ուրուկուէյ) եւ Միհայիլ Մարքոսով (Ուֆա, Ռուսիա):
Երկու ֆութպոլիստներն ալ իրենց ակումբին կատարած մրցումներուն իրենց ունեցած բացառիկ խաղարկութեան շնորհիւ կ՛արժանանան բոլորին ուշադրութեան: