Ճատրակ. Միջերկրականեան 8-րդ Ախոյեանութիւն. Սիւզան Մուրատեան Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը
«Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկի (Ժընահ, Պէյրութ) «Կալերիա» սրահին մէջ տեղի ունեցող Միջերկրականեան ճատրակի 8-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն, լիբանանահայ Սիւզան Մուրատեան 2-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին արձանագրեց յաղթանակ մը, որմէ ետք 3-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց: Մուրատեան յաղթեց թունուզցի Ահմետ Ապտել Մուամմենի, որմէ ետք պարտուեցաւ Մանսուր Ապտալլայէն (Լիպիա):
4-րդ հանգրուանին Մուրատեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Փաթրիք Լապել:
Այս ախոյեանութեան առաջին դասուած լիբանանցի Ֆատի Իտ երէկ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լապելի հետ:
Անդրադառնալով մրցաշարքին` Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին փոխնախագահը` Ռոլան Ախրաս ըսաւ, որ մրցաշարքին մակարդակը կարելի է դասել բաւական բարձր` նկատի ունենալով, որ անոր բոլոր մասնակիցներուն մօտ ալ կը տեսնուի պայքարի ոգին:
Նշենք, որ այսօր Լիբանան պիտի ժամանէ Միջերկրականեան ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ճեֆրի Պորկ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը. www.lebanesechessfederation.com:


