Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Ժողով. Առաջադրուեցաւ Էլի Սաատէի Թեկնածութիւնը` Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններուն

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբաթ, 26 յունուար 2013-ին, տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին ընտրութիւնները, անոր կեդրոնատեղիին մէջ` Հազմիէ:

Ասկէ մեկնելով իւրաքանչիւր ֆետերասիոն կ՛առաջադրէ իր թեկնածուն, որ ընդհանրապէս կ՛ըլլայ խնդրոյ առարկայ ֆետերասիոնին նախագահը:

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն առաջադրեց փոխնախագահ Էլի Սաատէի թեկնածութիւնը:

Իր ժողովին ֆետերասիոնը մէկ տարիով կախակայեց Ալի Իսմայիլը տեղական թէ միջազգային մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն գծով` նկատի ունենալով, որ ան չէր ենթարկուած Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ Ժան Ղաուիի ցուցմունքներուն:

Նշենք, որ վերջերս Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ Տուպայի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ 2-րդ ախոյեանութեան: Ղաուի այդ պատուիրակութեան նախագահն էր:

Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ ախոյեանութեան լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմող անդամներուն` Քարին Պչաքճեանի, Սալահ Ֆարրանի եւ Ղաուիի, որոնք մեծապէս նպաստեցին լիբանանցի մարզիկներուն, որ արձանագրեն լաւ արդիւնքներ:

Որոշուեցաւ յառաջիկայ մայիսին Լիբանանի մէջ կայացնել Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու 2-րդ ախոյեանութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES