50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1963)

Սկաուտական 11-րդ Ճեմպորին
Յունաստանի
Մէջ

Սկաուտական 11-րդ ճեմպորին տեղի պիտի ունենայ Յունաստանի Մարաթոն գիւղին մէջ, յառաջիկայ օգոստոս 1-12, մասնակցութեամբ ութսուն երկիրներէ եկող աւելի քան քսան հազար սկաուտներու:

Ճեմպորին այն մեծ բանակումն է, որ հիմնուեցաւ սկաուտութեան հայր Լորտ Պայրն Փաուրի կողմէ եւ տեղի կ՛ունենայ ամէն չորս տարին անգամ մը, յաջորդաբար զանազան երկիրներու մէջ: Գլխաւոր նպատակն է ի մի հաւաքել այս մեծ եղբայրակցութեան վերին մարմնին ենթակայ բոլոր սկաուտական կազմակերպութեանց լաւագոյն տարրերը եւ նախապէս պատրաստուած յայտագրերու համաձայն` կատարելու ընդհանուր հաւաքոյթներ, հանդէսներ, ձեռային աշխատանքներու ցուցադրութիւններ, խարուկահանդէսներ, դասախօսութիւններ, այցելութիւններ եւ պտոյտներ: Համեմատաբար այս կարճ ժամանակամիջոցին բոլոր մասնակցողները առիթը կ՛ունենան ծանօթանալու իրարու, ինչպէս եւ տեղեկանալու բազմաթիւ երկիրներու բարքերուն, կենցաղին եւ սովորութիւններուն:

Ճեմպորիին ընթացքին սկաուտը, որ երկրէն ալ գացած ըլլայ, բնաւ ինքզինք օտար պիտի չզգայ, քանի որ հոն կիրարկուող օրէնքը այն օրէնքն է, որ ան տարիներ շարունակ սորված կամ գործադրած է իր երկրին կամ իր միութեան շարքերէն ներս: Այս մեծ բանակումին մէջ սկաուտը նոր ծանօթութիւններ եւ բարեկամութիւններ պիտի հաստատէ եւ այս` շնորհիւ իր դաւանանքին մէջ յիշուած «Սիրէ ուրիշը եղբայր նկատելու» սկզբունքին: Վերջապէս, ճեմպորին այն ժամադրավայրն է, ուր կարելի պիտի ըլլայ պատանի տղոց համար քանի մը օր ապրիլ սկաուտութեան մեծ հիմնադրի ստեղծած առողջ ոգիով, ուր տիրող պիտի ըլլան կարգապահութիւնը, աշխատանքը, ապա` խաղն ու զուարճութիւնը:

Առաջին սկաուտական ճեմպորի-փորձը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ Պրաունզ կղզիին մէջ, 1907-ին, որ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ եւ ինքնավստահութիւն ներշնչեց հիմնադրին` այս գեղեցիկ շարժումի ապագայ կարելիութիւններուն նկատմամբ: Միջազգային առաջին պաշտօնական ճեմպորին տեղի ունեցաւ 1911-ին:

Կան այլ ճեմպորիներ եւս, որոնք յատուկ են երէցներու, գայլիկներու կամ արենուշներու շարքերուն առանձնապէս, իսկ շատ հազուագիւտօրէն կան ընդհանուր ճեմպորիներ սկաուտական շարժումի բոլոր ճիւղերուն մասնակցութեամբ, որոնք տեղի կրնան ունենալ բացառիկ առիթներով, օրինակ` երկու տարի առաջ, սըր Պէյրն Փաուրի 100-ամեակին առիթով:

Սկաուտական 11-րդ ճեմպորիին սեմին կ՛արժէ տեղեկանալ անոր կազմակերպչական աշխատանքներուն: Նախ ըսենք, որ այս ծանր գործը վստահուած է Յունաստանի սկաուտական վերին մարմինին, որուն նախագահն է գահաժառանգ իշխան Կոստանդին: Կառավարութիւնը գործնականօրէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս մեծ ձեռնարկի յաջողութեան, անկախ բանակային տարրերու օժանդակութենէն, Մարաթոնի լեռնադաշտը բանակավայրի յարմարութիւններով օժտելու աշխատանքներուն: 100.000 տոլարի նիւթական յատկացում մը կատարուած է անհրաժեշտ կարիքները ամբողջացնելու համար:

Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը, իբրեւ միակ հայկական սկաուտական միութիւն, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, ստացած է հրաւէր` սկաուտական ֆետերասիոնի խողովակով մասնակցելու այս սկաուտական փառատօնին: Վստահ ենք, ինչպէս այլ բացառիկ առիթներու, այս անգամ եւս ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմը իր արժանաւոր տեղը պիտի ունենայ Ֆրանսայի Հայ արիներու եւ Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ այլ շրջաններէն եկող ՀՄԸՄ-ականներու կողքին:

ՍԿԱՈՒՏ

 

Վկադ Թո՛Ղ Աստուած Ըլլայ

              Ինչ որ քեզ պահես`
              Հէնց ա՛յն է կորած,
              Ի՞նչ տաս աշխարհին`
              Այն քո՛նն է յաւէտ…
                           ՅՈՎՀ. ՇԻՐԱԶ

Ո՜րքան արտաայայտիչ է այս խօսքը, երբ մէկը ուզէ անո՛վ արտայայտել իր հոգիին արդար գնահատութիւնը, առյաւէտ բաժնուողի մը յիշատակին:

Ո՜րքան քաղցր է այս խօսքը, երբ այդ ոգիով ապրող բարեկամի մը մասին մտածած ատեն, այդ ոգիին համաձայն գործող ոեւէ անձի մասին խօսած ատեն, բանաստեղծին այդ բառերը յիշէ եւ զանոնք պատշաճ գտնէ այդ անձին:

Գիտնա՛նք, բոլորս լա՛ւ գիտնանք, թէ այս ոգիով ապրելու համար երբեք անհրաժեշտ չէ, որ մարդ նիւթապէս հարուստ ըլլայ:

Անհրաժեշտ է սակայն, որ մարդ ըլլայ հոգիով հարուստ:

Շատ ունեցողին շատը, քիչ ունեցողին քիչը եւ հազիւ ապրուստ մը ունեցողին լուման նո՛յնն են յաճախ, երբ նուիրատուներու տալու կարողութիւնն ունենանք նկատի:

Այդ երեք նուիրատուները իրարմէ տարբեր դարձնողը այն ոգին է, որով անոնք կու տան կամ կը նուիրեն իրենց դրամը:

Այդ ոգին որքան աւելի՛ սրտաբուխ նո՛յնքան աւելի կ՛երջանկացնէ տուողը. չափով մըն ալ` ստացողը:

Տուողին ուրախութիւնն այն է, որ ուզեց եւ կրցաւ տալ:

Ստացողին ուրախութիւնը կրկնակ է:

Նախ այն, որ ան իր ստացածով սուր կարիք մը կրցաւ բաւարարել:

Երկրորդ, այն, որ ան իր հոգիին մէջ երջանիկ զգաց` անանձնական ու շնորհապարտ զգացումով մը, որ մեր այս աշխարհին վրայ կան բարի մարդիկ ալ, որոնք իրենք սիրտով ու գործով, զրկուած ու տագնապող շատ մարդոց յոյս ու ժպիտ կու տան, եւ մօտէն ու հեռուներէն սէր ու բարեկամութիւն կը հասցնեն անհատապէս անծանօթ, բայց հայօրէն սիրելի մանուկներու եւ աշակերտներու, մայրերու եւ հայրերու, տկարներու եւ ծերերու:

Հայ օգնութեան միութիւնը եւ ուրիշ նման միութիւններ այս տեսակ գործեր պէտք է կատարեն, քանի որ հայ են ու նպատակ ունին ընդհանուրին ծառայել` մեծութեան վայել անխտրականութեամբ:

Դրամին հետ, մերթ ալ դրամէն առաջ, սէր ու բարեկամութիւն պէտք է բաշխեն` Աստծու արեւին պէս բոլորին վրայ ցաթելով, բոլորին մարմինն ու հոգին տաքցնելով:

Հոգ չէ, եթէ հարկ ըլլայ` ատեն ատեն հարցումներ ի՛սկ ընելու: Մարդ ենք եւ չունինք այլ միջոց` ճիշդ հասկնալու համար տագնապի մը պէտքերը, ցաւերն ու տառապումները:

Հարցում, բայց երբեք խոժոռադէմ հաւատաքննութիւն, որ փոքր չափով իսկ բնոյթն ունենայ` հոգիներ տխրեցնելու, հաւատք խախտելու: Բարոյական ոճիր է հայութեամբ հպարտ հարազատներու անձնական դժբախտութիւնը ազգային ամօթ ու ողբերգութիւն դարձնել:

Ընթերցո՛ղ, եթէ դեռ չես կատարած քու հոգիին քեզի թելադրած պարտքդ, մի՛ ձգձգեր վաղուան ու մանաւանդ յաջորդ օրերու:

Շարժէ՛, այսօր իսկ վճարէ հոգիիդ տուրքը:

Եւ մէկ բան մի՛ մոռնար: Դրամիդ հետ, պահարանիդ մէջ, քու սիրտէն ա՛լ բան մը դիր:

Եւ տուածիդ վկան, մա՛նաւանդ սիրոյդ վկան թո՛ղ Աստուած ըլլայ:

Յ. ԽԱՇՄԱՆԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )