«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հալէպ` Երէկ, Ինչպէս Որ Էր

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ գաղթականներ Հալէպի մէջ

Հալէպ հայկական հին գաղութ է: Սասունէն, Ուրֆայէն, Մարտինէն, Քիլիսէն, Այնթապէն, Մարաշէն, Զէյթունէն, Սիսէն եւ այլ շրջաններէ հայեր դարեր առաջ գացած եւ բնակութիւն հաստատած են հոն: Անոնք եկեղեցիներ կառուցած են եւ զարկ տուած արհեստներու ու առեւտուրի զարգացման: Ժամանակի ընթացքին անոնցմէ շատեր իրենց լեզուն կորսնցուցած եւ արաբախօս դարձած են. այսպիսով քաղաքին եւ շրջակայքին մէջ կազմաւորուած է «հին հայերու» (արման գատիմ) դասակարգ մը: Նաեւ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ոմանք, ջարդերէն եւ հալածանքներէն փախչելով, որոշ ժամանակներ Հալէպ ապաստան գտած են:

Ցեղասպանութենէն եւ այնուհետեւ` Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Հալէպ վերապրած գաղթական հայութեան առաջին դարպասը եղաւ: Գաղութը անհամեմատօրէն բազմացաւ, հայ կեանքը վերակազմուեցաւ եւ դպրոցներ ու եկեղեցիներ բացուեցան:

 

*
*     *

«Ազդակ» 8, 10, 12, 13 եւ 15 օգոստոս 1950-ի թիւերով եւ «Ազգային կեանքը Հալէպի մէջ» խորագիրով յաջորդական թղթակցութիւններով կ՛անդրադառնայ Հալէպի կեանքի տարբեր երեւոյթներուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն, ինչպէս նաեւ գաղութի տնտեսական վիճակին:

«Հիւսիսային Սուրիոյ այս մայրաքաղաքը, որպէս հայութեան կեդրոն` առաջնակարգ տեղ մը կը գրաւէ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ: Ճարտարարուեստի եւ վաճառականութեան տեսակէտէն բաւական զարգացած է եւ կրնայ մրցիլ շատ մը ուրիշ մեծ քաղաքներու հետ: Հայեր հոս վաղուց հաստատուած են. անոնք որոնք Կիլիկիոյ պարպումէն շատ առաջ գաղթած են, արդէն իրենց մայրենի լեզուն կորսնցնելով, տեղացիներու վարքն ու բարքը իւրացուցած են, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց ազգային զգացումը. ասոնք արաբացած հայեր են, բայց իրենց կապը երբեք չեն խզեր-բացի քանի մը զանցառելի թիւով ընտանիքներէ – Հայ ազգին եւ եկեղեցիին հետ, պահելով իրենց ուրոյն դիմագիծն ու սովորութիւնները եւ ընտանեկան նահապետական սրբութիւնները: Մանաւանդ Կիլիկիոյ պարպումէն յետոյ հոծ թիւով հայեր եկած եւ նախանձելի դիրքեր գրաւած են քաղաքին մէջ, տէր դառնալով շատ մը գործարաններու եւ հիւսուածեղէններու պատրաստութեան յարմար աշխատանոցներու: Ասոնց վրայ աւելցած է նաեւ 1939-1940-ի Սանճագի հայութեան զանգուածային գաղթը: Բոլորն ալ գրեթէ իրենց կեանքը ապահոված էին, առանց արտաքին օժանդակութեան կարօտ մնալու: Շնորհիւ իրենց արտակարգ ճիգերուն, ոչ միայն տնտեսականը ապահոված էին, այլ նաեւ հայու շինարար բազուկին զօրութիւնը արժեցնելու նախանձախնդրութեամբ, անապատ վայրեր շէնցուցած եւ պատկառելի թիւով թաղեր կառուցած էին, աւելի կամ նուազ ճաշակով, համեստ բայց մանաւանդ հայկական ոճով շէնքեր բարձրացնելով անոնց սրտին վրայ:

Սակայն 1945-1946-ի ներգաղթը, իր յարակից բոլոր զաւեշտախաղերով, խախտեց հայերու դիրքն ու տնտեսականը, անտուն ու անօգնական ձգելով բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնց տարիներու աշխատանքին արդիւնքը հովերուն տրուեցաւ, բոլորովին յուսահատութեան մատնելով զանոնք երկար ժամանակ:

Այժմ, բոլոր հայերն ալ այլեւս վերջնականապէս յոյսերնին կտրելով, լծուած են նախկին իրենց շինարար աշխատանքին, առօրեայ հացի ի խնդիր: Այս տարի սակայն տնտեսական տագնապը, ինչպէս այլուր, հոս ալ սուր բնոյթ կը կրէ:

Հիւսիսային Սուրիոյ հայութեան ընդհանուր թիւն է – Ազէզէն մինչեւ Ճէզիրէի ծայրամասը – 60 հազար, միայն հայ լուսաւորչական համայնքը նկատի առնելով: Հալէպի մէջ բնակութիւն հաստատած են 40 հազար հայեր. եթէ այս թիւը իր ստորաբաժանումներով ներկայացնենք, կը յայտնուի թէ աւելի քան 2/3-ը կը գտնուի Հալէպի անմիջական արուարձաններուն մէջ` իսկ մնացածը` նոյնինքն քաղաքի կեդրոնը եւ շրջակայքը:

Քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատած հայերը առաւելաբար զանազան արհեստներով կը զբաղին. կան մանր առեւտրականներ եւ քիչ թիւով պաշտօնեաներ օտար հաստատութիւններու մէջ: Կան մանաւանդ նկատառելի թիւով փոքր գործարանատէրեր, որոնց քով կ՛աշխատին ամէն դասակարգի գործաւորներ: Հոս զարգացած են մեքենական աշխատանքները: Պուսթան Քլէպի շուկան առաւելաբար հայերով գրաւուած է. ամէնէն անուանի մեքենագէտները կը գտնուին այս վայրին մէջ, որոնց թեքնիքին կարելի է ըսել-ոչ մէկ քաղաքի արհեստաւոր կրնայ հաւասարիլ անոնց՝ այս վայրերուն մէջ: Շրջաններու հայութեան մեծագոյն մասը կը զբաղի երկրագործութեամբ: Ներգաղթի պատմական օրերու տատանումներէն վերջ, այս տարի` բաղդատաբար ուրիշ տարիներու, աւելի գոհացուցիչ տնտեսական մը ապահովելու ամէն հաւանականութիւն գոյութիւն ունի, որովհետեւ հունձքերը աւելի առատ եղած են եւ իրենց տքնաջան աշխատանքը յուսացուածէն աւելի արդիւնաւոր համեմատութիւններու հասած է:

Ազգային տեսակէտով Հալէպի հայութիւնը լաւ կազմակերպուած է. սահմանադրական բոլոր մարմինները գոյութիւն ունին հոս: Կազմուած է Ազգ. Գաւառական Ժողովը եւ անկէ բխած բազմաթիւ խորհուրդներ եւ ժողովներ: Կրօնական ժողով, Քաղաքական ժողով, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Դատաստանական ժողովներ: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի համար Քաղաքական Ժողովի կողմէ նշանակուած է խնամակալութիւն մը, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեան Մայրանոցի խնամակալութիւնը: Այս բոլորն ալ ձեռնհաս, կոչումին գիտակից եւ զոհաբերուող անձերու վստահուած են, որոնք ձեռներէցութեամբ կը վարեն ազգային բոլոր դժուարին գործերը, ժողովուրդին վստահութեան ու համակրանքին արժանանալով:

Նոյնպէս ձեռնհաս ու գործունեայ անձերէ կազմուած են վեց եկեղեցիներու օրինաւոր թաղականութիւնները, որոնք կը ճանչցուին հետեւեալ անուններու տակ. Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութիւն, Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ թաղականութիւն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղականութիւն, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւն եւ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ թաղականութիւն եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւն: Այս բոլոր թաղական խորհուրդներն ալ աշխատած են եկեղեցիի պայծառացման համար, եւ անոնց միակ մտահոգութիւնը եղած է հայ ազգը տեսնել ազգ. վերելքի ուղիին մէջ, դիմագրաւելու համար նորանոր յաջողութիւններ, մինչեւ որ իրականանայ հայ ազգային օճախ մը ունենալու մեր դարաւոր երազը: Նոյն իտէալն է որ կը հետապնդուի գրեթէ ամէն տեղ, հայ ազգային գիտակից մարմիններու կողմէ, եւ ֆիզիքական ու բարոյական գոյութեան համար մղուած կատաղի պայքարները ուրիշ բանի չեն ձգտիր, եթէ ոչ` այդ բարձր իտէալի իրականացման:

Այս վեց եկեղեցիներու համար 14 քահանայ հայրեր կան այժմ Հալէպ, իսկ բոլոր շրջաններու մէջ միայն 8 քահանաներ:

Ազգ. Առաջնորդարանը, շնորհիւ Զարեհ սրբազանի խոհեմ քաղաքականութեան եւ վարչական իւրայատուկ կարողութեան, շատ սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ ոչ միայն քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու կրօնական պետերուն, այլ նաեւ պետական բարձր անձնաւորութեանց հետ. այդ պատճառաւ իր անձին հմայքը եւ ազգային մարզին մէջ տարած իր աշխատանքին առնչութեամբ, ո՛չ միայն գրաւոր, այլ` բերանացի խօսքն իսկ կշիռ ունի: Ահա թէ ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը վստահած է իրեն մեծ գործ մը, որուն իրականացման համար ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի հոս ապրող ժողովուրդը վայելէ տեղացիներու հաւասար պետական օրէնքներու տրամադրութիւնները, բարօր կեանք մը վարելով` ազատօրէն շինարար աշխատանքի լծուելու համար:

Ազգային զգացում ունեցող հայեր, խորապէս գիտնալով իրենց դիրքը այս երկիրներուն մէջ, նուիրուած են իրենց առօրեայ գործին, միշտ բարեացակամութեամբ վարուելով իրենց այլազգի դրացիներուն հետ, հաւատարիմ քաղաքացիի բոլոր բարեմասնութիւնները իւրացուցած ըլլալով: Ասոնք են, որ միշտ հաւատարիմ գտնուած են երկրի մէջ կիրարկուած բոլոր օրէնքներուն, հակակարգապահական ոչ մէկ անհաճոյ արարքի մէջ գտնուելով:

Հալէպ 1930-ական տարիներուն

Հալէպի ազգային մարմինները նոյն իտէալի իրագործման ձգտումը ունեցած են առաջին օրէն իսկ. ահա թէ ինչո՞ւ անոնք շատ լաւ կազմակերպուած են, որպէսզի տեղւոյն հայութիւնը անղեկ չմնայ եւ ինքնագլուխ չկատարէ այն, ինչ որ մեր գոյութեան կը վտանգէ այս երկիրներուն մէջ: Այս կարեւոր հարցը մեկնակէտ ընդունելով կարելի է անվարան յայտարարել, թէ մեր ղեկավարութիւնը, ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ իմաստուն քաղաքականութիւն մը վարած է, եւ իր վարչական աննման կարողութիւնը բոլորին հիացումին առարկայ դարձած:

Մեր կազմակերպութիւնները հոս եղած են աչալուրջ եւ շրջահայեաց. ազգային շահը գերադասած են ուրիշ ամէն նկատումներէ. միշտ աշխատած են ազգային ոգին ներմուծել երիտասարդութեան սրտին մէջ, գաղափարական բարձր գիտակցութեամբ տոգորելով զանոնք, որպէսզի հետագային անոնք նոյն շաւիղէն ընթանալով մեր նախնիներու անմար ջահը միշտ իր պայծառ գեղեցկութեամբը պահեն,  հաւատարիմ աւանդապահը դառնալով անոնց մեզի կտակած աւանդին, որը մեր ազգային իտէալին իրագործման գլխաւոր ազդակը կը կազմէ:

Կրթական մարզին մէջ զգալի վերելք արձանագրուած է նաեւ այս վերջին տարիներուն ընթացքին: Գրեթէ ամէն թաղամաս օժտուած է ուրոյն դպրոցով մը, ուր հայ մանուկներ կը ստանան տոհմիկ դաստիարակութեան առընթեր, որոշ մակարդակով ուսում մը, որ կը համապատասխանէ Ուսումնական խորհուրդի մշակած մասնաւոր ծրագրին, որպէսզի նախակրթարան աւարտող եւ ուսումը չշարունակող պատանի մը, կրթական եւ ուսումնական որոշ հմտութիւն ունենայ, հետագային, ինքնաշխատութեամբ կարենալ հասնելու համար փափաքուած բարձունքին:

Այս մարզին մէջ եւս նորանոր յաջողութիւններ դիմագրաւած են մեր մարմինները: Երիտասարդներու ընտիր փաղանգ մը մեր հաւաքավայրերու զարդը կը կազմէ այժմ: Անոնք երկրորդ եւ աւելի կարեւոր կրթութիւն ստացած են մեր կազմակերպութիւններէն ներս, եւ այդ պատճառով է որ մեր ակումբները կը յորդին երիտասարդներու հսկայ զանգուածով մը: Մեր պատանեկան միութիւնները եւ շարքերը օրըստօրէ կը խտանան. ՀՄԸՄ-ը, իր սկաուտական կազմով, իր արենուշներով հսկայ բանակ մը կրնայ կազմել: Ահա, այս բոլորը, մեծ ճիգի եւ զոհողութեան կը կարօտին, եւ այդ հոգածութիւնը չէ զլացուած դէպի մեր երիտասարդութիւնը, որը կազմակերպութեան մը կենսունակութեան աւիշը կը կազմէ եւ ապագայ ընկերութեան գոյութեան առանցքը:

Ընկերական անսգիւտ ոգիի զուգահեռ զարգացած է նաեւ ընթերցասիրութիւնը: Հալէպի բոլոր երիտասարդները գրեթէ, ըլլան անոնք գործաւոր, բանուոր, աշակերտ կամ ուսումնական, իրենց պարապոյ ժամերը նուիրած են ընթերցանութեան,- վարակիչ պարագայ մը, որմէ պէտք է ազդուին նաեւ այլ շրջաններու երիտասարդներն ու պատանիները,- այդ պատճառաւ ալ, ամէն տեղ կը հանդիպիս երիտասարդներու, որոնք գիրք մը կամ թերթ մը շալկած, կը փութան տուն, իրենց մտային պաշարը ճոխացնելու համար: Ես վստահ եմ, որ եթէ նիւթական աւելի հնարաւորութիւններ ունենան, ոչ միայն թերթ մը, այլ քանի մը տրցակներ շալկած պիտի մեկնէին իրենց տուները: Ինչպէս մատնանշեցի, կան երիտասարդներ, որոնք հազիւ իրենց օրապահիկը կը շահին, եւ այդ չնչին գումարէն մաս մը կը յատկացնեն, ֆիզիքական սնունդին առընթեր, մտային զարգացումին եւս, որպէսզի օրէ օր զարգացող գիտութեան լոյսէն առկայծ պահեն իրենց մտքին ջահը:

Որքան մտային զարգացման, նոյնքան ե՛ւս մարզական շարժումներու շուրջ մեծ հետաքրքրութիւն ունին: Մարզական որեւէ ձեռնարկ յաջողութեամբ կը պսակուի շնորհիւ յիշեալ երիտասարդներու խուռներամ ներկայութեան: Երիտասարդական հաւաքավայրերու մէջ կը տենես յաճախ իրարու ուսերուն վրայ բարձրացած երիտասարդներ. շատ հեշտ է կռահել թէ հոն քանի մը երիտասարդներ կը մրցին, բուռն հետաքրքրութիւն շարժելով արդէն մարզական որեւէ խաղի սիրահար երիտասարդութեան մէջ:

Ահա, տարիներու տքնաջան աշխատանքով արթնցուած այս հետաքրքրութիւնները, իրենց դաստիարակիչ ուժը ունին, որոնցմէ զրկուած էր դժբախտաբար նախորդ դարու մեր երիտասարդութիւնը:

Հալէպ 1933-ին

Հալէպ քաղաքը` որպէս ամենամեծ կեդրոնը Հիւսիսային Սուրիոյ, ինչպէս ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական մարզի մէջ, նոյնպէս ալ կրթական աշխատանքի մէջ կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին վրայ, իր դիմագրաւած յաջողութիւններով եւ ուսման, կրթութեան ու ազգ. տոհմիկ վերելքին համար թափուած բացառիկ ճիգերուն անհամեմատ արդիւնաւորուելովը:

Միայն Հալէպի եւ իր անմիջական արուարձաններուն մէջ կան 13 նախնական եւ մէկ միջնակարգ վարժարաններ: Առաջինները ունին իրենց օրինաւոր հոգաբարձական մարմինները, որոնց միակ մտահոգութիւնն եղած է, ամէն ճիգ ի գործ դնել, դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռել եւ դպրոցի ուսման մակարդակը փափաքուած բարձունքին հասցնել, որպէսզի ուսման կարօտ աշակերտներու հոգեկան եւ մտային զարգացումը ապահովուի, այնուհետեւ կարենալ շարունակելու կեանքի պայքարը եւ հետզհետէ ինքնաշխատութեամբ հասնելու որոշ աստիճանի մը, որը իւրաքանչիւր պատանիի կամ երիտասարդի իտէալ հեռանկարն է: Երկրորդը օժտուած է գործունեայ եւ ձեռներէց խնամակալութեամբ մը, որու կեդրոնական նպատակը կը հանդիսանայ միջնակարգ այդ վարժարանը – որուն ա՜յնքան պէտք ունի հիւսիսային Սուրիոյ հսկայածաւալ հորիզոններուն վրայ հաստատուած հայկական հոծ գաղութ մը – տեսնել ծրագրուած բարձունքին վրայ, որպէսզի ան դառնայ – ինչպէս Պէյրութի հայ Ճեմարանը,- կրթական մեծ կեդրոն մը, իր լոյսը տարածելու համար ամբողջ Սուրիոյ հայութեան մէջ, ուսումնատենչ հայ երիտասարդներու մտային, հոգեկան եւ ֆիզիքական պապակին առաւելագոյն գոհացումը շնորհելով:

Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանը ունի 63 երկսեռ աշակերտութիւն, 12 պաշտօնեաներով: Հայկազեան նախակրթարանը ունի 700 երկսեռ աշակերտութիւն, 28 պաշտօնեաներով: Նոր-Գիւղի (Մէյտան) Սահակեան վարժարանը ունի 475 երկսեռ աշակերտութիւն, 17 հայ պաշտօնեաներ կը վարեն կրթական գործը: Նոր-Գիւղի Մեսրոպեան նախակրթարանը 430 երկսեռ աշակերտութեան կրթութիւնը կ՛ապահովէ 14 պաշտօնեաներով: Սիւլէյմանիէ թաղամասի Կիւլպէնկեան վարժարանը ունի 225 աշակերտութիւն եւ 9 պաշտօնեաներ: Տաուտիէ թաղամասի Վարդանեան նախակրթարանը 290 երկսեռ աշակերտութեան դաստիարակչական աշխատանքը կը վարէ 11 պաշտօնեաներով: Պարագայ Սիրիէն թաղի Արամեան նախակրթարանը 3 վարժուհիներով կը ղեկավարուի, որուն աշակերտութեան թիւը կը հասնի 82-ի: Վէքիլիէ թաղի Կրթասիրաց դպրոցը ունի 475 երկսեռ աշակերտութիւն, 19 կրթական մշակներով: Նոր-Գիւղի Զաւարեան վարժարանը ունի 490 երկսեռ աշակերտութիւն եւ 17 դաստիարակներ: Քաղաքի (Սիսիլի) Կիլիկեան նախակրթարանը ունի  610 երկսեռ աշակերտութիւն եւ 16 պաշտօնեաներ: Նոր-Գիւղի Կիլիկեան վարժարանը իր 11 հայ պաշտօնեաներով կը վարէ 400 երկսեռ աշակերտութեան կրթական աշխատանքը: Շէյխ Մաքսուտ արուարձանի Արմէնեան նախակրթարանը ունի 82 աշակերտութիւն եւ 4 պաշտօնեաներ: Գերմանիկ թաղի Գերմանիկ դպրոցը 175 աշակերտ ունի, որոնց կրթութիւնը վստահուած է 5 վարժուհիներու: Իսկ Ուսումնասիրաց Լեւոնեան վարժարանը ունի 470 երկսեռ աշակերտութիւն, 19 կրթական մշակներով: Այս վերջինը խառն դպրոց մըն է, ուր կը յաճախեն հաւասարապէս հայ եւ բողոքական համայնքի պատկանող երկսեռ աշակերտներ: Դպրոցը լաւ կազմակերպուած է եւ կրթական տեսակէտով Ազգ. Առաջնորդարանի վերին հսկողութիւնը կը վայելէ, հետեւաբար կապուած է մեր Ուսումնական խորհուրդի տնօրինութեանց, եւ ատոր կրթական ծրագրով եւ հրահանգով կը ղեկավարուի, ինչպէս մեր միւս բոլոր վարժարանները:

Մեր վերը յիշած հայ ուսուցիչներէն զատ, Սուրիոյ բարեխնամ կառավարութիւնը մեր դպրոցներուն կը հայթայթէ պետական ուսուցիչներ, արաբերէնի ուսուցման համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )