Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս».-ը Կը Ձգտի
Կարելի Եղածին Չափ
Աջակցելու Բժիշկներու Առաքելութեան
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Պըրթլինք»-ը կը շարունակեն մարզային ծննդատուներու վերազինման ծրագիրը Նոյեմբերեանի բժշկական կեդրոնին մէջ, ուր նախորդ տարի արձանագրուած էր 300 ծնունդ: Վաղաժամ ծննդաբերութեան եւ բարդ յղութեան պատճառով, տարբեր հարցերով լոյս աշխարհ եկածները ուղեգրուած են մայրաքաղաք` անհրաժեշտ բուժօգնութիւն ապահովող սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով:
Այսպիսի նորածիններու օգնելու հարցը արդէն դիւրացած է Նոյեմբերեանի մէջ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Պըրթլինք»-ը բժշկական կեդրոնին տրամադրած են վերակենդանացման ջերմահաղորդիչ սեղանիկ, թթուածինի շարժական փուչիկ, առաջին բուժօգնութեան պայուսակ, տաքցնող ներքնակ, վաքիումային կլանիչ եւ այլ սարքաւորումներ: Այս բոլորը մասնագէտներուն կ’օգնեն ցուցաբերելու` համակարգուած ամբողջական օգնութիւն:
Տարեվերջին ծնած Նարեկը եւ Նարէն տարբեր ընտանիքներու զաւակներ են եւ կը բնակին տարբեր վայրերու մէջ` Ալավերդի եւ Նոյեմբերեան: Շնչառական խանգարման համախտանիշի պատճառով անոնք իրենց կեանքի առաջին երկու շաբաթներուն բժիշկներու վերահսկողութեան տակ գտնուած են միեւնոյն բուժկեդրոնին մէջ: Յայտնենք, որ անոնց կեանքին սպառնացող հարցերը արդէն իսկ յաղթահարուած են, եւ փոքրիկները իրենց տուները վերադարձած են:
«Մարդոց կեանքը փրկելու համար չափազանց կարեւոր է բարձր մակարդակի մասնագէտներու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է հմտութիւնը եւ գիտելիքը արդիւնաւէտութեամբ դրսեւորելու կարողութիւնը, բժիշկին ցանկութիւնը, որ ուղղակիօրէն կապուած է անոր ընծայուած կարելիութիւններէն: Բարձրակարգ բուժսարքաւորումը կ’երաշխաւորէ գործադրուած ջանքերուն արդիւնաւէտութիւնը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւս կը ձգտի իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու բժիշկին` ակնկալելով անկէ, որ ապահովէ աշխատանքի գոհացուցիչ արդիւնք», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Ապարանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ
Հին Նոր Տարուան
Աւանդական Տօնակատարութիւն
Ապարան քաղաքին մէջ 13 յունուարին տեղի ունեցաւ «Ապարանեան Հին Նոր տարի» տարեկան տօնակատարութիւնը: Այս առիթով շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Ապարանի քաղաքապետ Գոռ Աբրահամեանը, մարզպետ Սարգիս Սահակեանը, հոգեւոր հովիւներ, Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը, երեսփոխան Վրէժ Մարկոսեանը, «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութեան պատուաւոր նախագահ Աղուան Յովսէփեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ: Աւանդական խարոյկին շուրջ շուրջպար բռնեցին բոլոր ներկաները: Տօնակատարութեան ընթացքին հանդէս եկան սիրուած երգիչներ եւ երգ ու պարի խումբեր: Հանդիսութիւնը կազմակերպած էին «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութիւնը եւ Ապարանի քաղաքապետարանը:
Հին տոմարով Նոր տարին կը նշուի 4 յունուարին, որ համարժէք է յունուար 1-ի: Արարատեան Հայրապետական թեմը նաեւ կը մեկնաբանէ, որ հին եւ նոր տոմարներու միջեւ տարբերութիւնը 13 օր է: Հին տոմարով Նոր տարին կը նշուի 14 յունուարին, որ համարժէք է յունուար 1-ին: Յունուար 13-ը համարժէք է 3 դեկտեմբերին:
Նոր` Գրիգորեան տոմարը հաստատուած է 1582-ի հոկտեմբերին:
Հայաստանի Ազգային Արխիւին Մէջ
Կը Պահպանուի
6 Հազար 640 Արխիւային Ֆոնտ
1 յունուար 2013-ի դրութեամբ, Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ կը պահպանուի 6 հազար 640 արխիւային ֆոնտ` 4 միլիոն 161 հազար 932 արխիւային գործ, որոնց կարգին` 316 հազար 142 շարժապատկերային փաստաթուղթ: Այս մասին յայտնած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը` Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանին հետ ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին:
Արխիւի տնօրէնը փոխվարչապետին տեղեկութիւններ փոխանցած է 2012-ին կատարուած աշխատանքներուն եւ 2013-ին կատարուելիքներուն մասին: Այս տեղեկութիւնները փոխանցած են տարածքային կառավարման նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
2012-ի հետ բաղդատելով` արխիւային պահպանութեան ենթակայ գործերուն թիւը աւելցած է 46 հազար 832-ով: Տարուան ընթացքին քայլերու պիտի ձեռնարկուի` արխիւային փաստաթուղթերուն ֆիզիքական վիճակի բարելաւման եւ պահպանուածութեան ապահովման նպատակով: 2012-ին վերականգնուած-վերանորոգուած է 308 հազար 875 թերթ արխիւային փաստաթուղթ:
Աշխատանքներ պիտի կատարուին տեղեկատուական որոնողական համակարգի ստեղծման եւ կատարելագործման ուղղութեամբ: Շարունակուած է արխիւային փաստաթուղթերու հրապարակման գործընթացը: Տարուան ընթացքին հրապարակուած է 224 հազար 219 պատկեր, «Հայաստանի ազգային արխիւ» ծրագիրին արդէն միացուած է 31 հազար 755 պատկեր: Հրապարակուած է նաեւ 973 շարժապատկերային փաստաթուղթ` նախատեսուած 880-ի փոխարէն: Աշխատանքներ պիտի կատարուին ներարխիւային համակարգչային ցանցի գործարկման, համակարգչային նոր ծրագիրներու ներդրման, ելեկտրոնային սարքաւորումներով արհեստագիտական սպասարկման ոլորտին մէջ:
Առաջին անգամ ըլլալով արխիւը կատարած է ելեկտրոնային փաստաթուղթերու համալրում: Նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հայոց պատմութեան առնչուող փաստաթուղթերու պատճէններ ձեռք բերուած են Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ազգային արխիւներէն:
Տարուան ընթացքին պատասխան տրուած է քաղաքացիներէն եւ կազմակերպութիւններէն, նաեւ արտասահմանէն ստացուած 100 յատուկ նիւթերու եւ 25 հազար 797 ընկերային, իրաւական բնոյթի հարցումներու` նախորդ տարուան 24 հազարին դիմաց: Ազգային արխիւը ունեցած է 524 ուսումնասիրող, 40-ով աւելի, քան` նախորդ տարի:
Հայաստանի Մէջ Դիմատետր Կ՛օգտագործէ
372 Հազար 540 Հոգի
«www.socialbakers.com» կայքէջին համաձայն, Հայաստանի մէջ Դիմատետր կ’օգտագործէ 372 հազար 540 հոգի, այդ թիւը վերջին 6 ամիսներուն ընթացքին աճած է 67 հազար 920-ով:
Երկրի բնակչութեան թիւին հետ համեմատելով` Դիմատետրի մէջ ներկայ է Հայաստանի 12.55 առ հարիւրը, իսկ համացանց ունի 27.38 առ հարիւրը:
Այլ երկիրներու հետ բաղդատելով` կարելի է նշել, որ Հայաստանի մէջ Դիմատետր գործածողներուն թիւը 0.46 առ հարիւրով աւելի է, քան` Լիպիոյ մէջ օգտագործողները:
Հայկական Դիմատետրի ժողովրդագրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ ընկերային ցանցէն օգտուողներուն տարիքային մեծագոյն խումբը 18-24 տարեկան անձերն են` 132 հազար 820 անձ (36 առ հարիւր), ապա` 25-34 տարիքային խումբը` 29 առ հարիւր: 15-44 տարեկան օգտուողները կը կազմեն 11 առ հարիւր, 6-17 տարեկանները` 9 առ հարիւր, 13-15 տարեկան` 7 առ հարիւր, 45-54 տարեկան` 5 առ հարիւր, 55-64 տանեկան` 2 առ հարիւր, 65-100 տարեկան` 1 առ հարիւր:
Ըստ ներկայացուած վիճակագրութեան, Հայաստանի մէջ Դիմատետր օգտագործողներուն 48 առ հարիւրը տղամարդիկ են, 52 առ հարիւրը` կիներ:
Նշենք, որ Դիմատետր օգտագործողներուն ընդհանուր թիւը նախորդ տարուան հոկտեմբերին գերազանցած է 1 միլիառը: Ամէնէն մեծ թիւով օգտագործողները կ’ապրին Ասիոյ մէջ, այնուհետեւ` Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ ասոնց հետ բաղդատելով աւելի նուազ` Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ: Ըստ երկիրներու վիճակագրութեան, բնակչութեան թուային սկզբունքնով, Դիմատետրէն ամէնէն աւելի կ’օգտուին Միացեալ Նահանգներու մէջ, բնակչութեան աւելի քան 54 առ հարիւրը, ապա Պրազիլի մէջ` 32 առ հարիւրը, ապա Հնդկաստանի, Ինտոնեզիոյ եւ Մեքսիքայի մէջ: 200 երկիրներու տուեալները ներկայացնող այս աղիւսակին մէջ Հայաստանը 112-րդ դիրքին վրայ է:
Սփիւռքի Նախարարութիւնը Իր Կարելին Կ՛ընէ
Սուրիահայութեան Օժանդակելու
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախարարութեան տարած աշխատանքին ամփոփումը կատարելով` յայտնած է, որ 2012-ը ծանրաբեռնուած տարի էր: քառամեայ գործունէութեան ընթացքին առաջին անգամն էր, որ սփիւռքի նախարարութեան մէջ շունչ առնելու ժամանակ չկար: Սուրիահայերուն հարցը դարձած էր հիմնական հարց: Օրական դրութեամբ մօտաւորապէս 30 սուրիահայեր կ’ընդունուէին նախարարութեան կողմէ: Նախարար Յակոբեան վստահեցուցած է, որ իրենք առաւելագոյնը կատարած են, որպէսզի կարելի եղածին չափ օգնեն սուրիահայերուն: Ան շեշտած է, որ բոլոր աշխատակիցներուն զգուշացում յղուած է, որ եթէ սուրիահայ մը բողոքէ նախարարութեան ոեւէ աշխատակիցի դէմ, վերջինը իսկոյն գործէ կ’արձակուի: 2013-ի առաջնահերթութիւններուն կարգին սուրիահայերուն հարցերը կը շարունակեն հիմնական մնալ, նաեւ աշխատանք պիտի տարուի իրաքահայերուն եւ այլ սփիւռքահայերու համար:
Նախարարութիւնը մանրադիտակի տակ պիտի պահէ այլադաւան հայերուն հարցը: Անոնց հետ աշխատանքը արդիւնաւէտ եղած է, շատեր մկրտուած են Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: 2013-ին պիտի կատարելագործուի Սփիւռք ամառնային դպրոցը: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ Հայաստանի մէջ աւելի յաճախակի կերպով պիտի հաւաքուին լաւագոյն մասնագէտները, եւ պիտի կազմակերպուին համաժողովներ: Թէեւ շատեր կը ծաղրեն, սակայն Հրանուշ Յակոբեան նախարարութեան ամէնէն լուրջ ծրագիրներէն մէկը կը նկատէ «Արի տուն»-ը: Ըստ անոր, անիկա հայապահպանութեան եւ հայրենադարձութեան մեծագոյն ծրագիրն է: Այս տարի աւելի մեծ թիւով սփիւռքահայեր «տուն պիտի կանչուին»:
Նորութիւն է այն, որ 2013-ին սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի սկսի «Հայերն առանց ծխախոտի» նոր ծրագիրի մը:
«Հովեր» Պետական Սենեկային Երգչախումբին
Երգահանդէսին Բացումը Պիտի Կատարուի
Յունուար 29-ին
Յունուար 29-ին Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ պիտի կայանայ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբին 2013-2014 թուականի համերգաշրջանին բացման հանդիսութիւնը, որ նուիրուած է ժամանակակից խմբերգային երաժշտութեան: Հայ ունկնդիրը պիտի ծանօթանայ լիթվիացի, շուէտացի, հունգարացի, գերմանացի անուանի հեղինակներու խմբերգային ոճին:
Երգահանդէսի ընթացքին պիտի հնչեն հայ եւ արեւմտաեւրոպական ժամանակակից երաժիշտներու խմբերգներուն հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Նշենք, որ երգահանդէսին պիտի հնչեն երիտասարդ երաժիշտ Յովհաննէս Մանուկեանի` «Ես` Յիսուսը, լոյսն եմ աշխարհի», Արթուր Աւանեսովի` «Քեզմէ հեռու իմ սիրտը…» խմբերգները,
ծրագրին մէջ ներառուած են նաեւ` Ք. Փենտերեցքի «Քերովբէի երգ», Ա. Փիարտի «Աշխարհին խաղաղութիւն տուր, Տէր», Տ. Լիկեթիի «Գիշեր», Մ. Փրայեթորիուսի «Վարդի զգացմունք» եւ այլ նշանաւոր ստեղծագործութիւններ:
Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք Երեւանի Մէջ
Պիտի Կայացուի Բանաստեղծութեան
Միջազգային Փառատօն
Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ապրիլին պիտի կայացուի բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Ըստ անոր, մշակութային դարաւոր աւանդոյթներ ունեցող երկիր ըլլալուն համար` Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է իրագործել այսպիսի փառատօներ, եւ ներկայիս կը տարուին նախապատրաստական կազմակերպչական աշխատանքներ: Ըստ Լեւոն Անանեանի, փառատօնին կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ հիւրընկալել 40 նշանաւոր գրողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ` Ռուսիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, արաբական երկրներէն:
«Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի իրականացումը կարելիութիւն կ’ընձեռէ տարբեր ազգութեան հեղինակներուն ծանօթանալու Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաքին», նշած է Լ. Անանեան: Փառատօնի աւարտին պիտի տպագրուի հաւաքածոյ մը:
Անցեալ տարի` 2012 թուականի հոկտեմբեր 16-19-ին, Արցախի մէջ առաջին անգամ իրականացուեցաւ բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն, որուն մասնակցեցան` Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Լիբանանէն, Սերպիայէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն եւ Վրաստանէն: Ձեռնարկը իր ձեւաչափով առաջինն էր տարածաշրջանին մէջ: Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնը ունէր ժամանակակից քնարերգութեան զարգացման միտումներ եւ կը կրէր «Գրողը` խաղաղութեան մունետիկ» կարգախօսը: