Հայկական Ամանորը ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին Մէջ

Դեկտեմբեր: Ուրախութեան, ցնծութեան եւ տօնակատարութեան ամիս, երբ ամէն ոք ու ամբողջ աշխարհ տարբեր ու խանդավառ աշխատանքի կը լծուին, որպէսզի տարուան վերջը կարենան հոգեկան դրական զգացումներով ներշնչուիլ ու դիմաւորել եկող Նոր տարին:

ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի հայոց լեզուի աշակերտներն ալ, այս տարի դարձեալ, սովորականին նման, կանխօրօք սկսան իրենց պատրաստութեան, որպէսզի հաճելի ու ճոխ հանդէս մը ներկայացնեն իրենց սիրելի ծնողներուն` 2013 տարուան առթիւ, ուրախացնելու համար զանոնք:

Արդարեւ, շաբաթ, 29 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, աշակերտներ, միշտ ժպտերես ու բարձր տրամադրութիւններու մէջ,  սկսած էին կատարել իրենց վերջին փորձերը եւ արդէն պատրաստ էին ընդունելու իրենց ծնողներն ու հարազատները` ներկայացնելու համար իրենց յատուկ յայտագիրը, որ նուիրուած էր Կաղանդին:

Եւ ուրեմն, ժամը 10:30-ին սկսաւ այնքան սպասուած հանդէսը: Բացման խօսքը կատարեց Յասմիկ Աւետիքեանը, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա ողջունեց բոլոր ծնողները եւ մաղթեց, որ 2013 տարին ըլլայ խաղաղ, արեւշատ եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը բոլորիս համար: Ապա, ան ներկայացուց անցնող երեք ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած ծրագիրները, որոնք կատարուած էին այս շրջանին: Անշուշտ, այդ բոլորին մէջ ամէնէն յատկանշականն ու հետաքրքրականն էր աշակերտութեան` կաթողիկոսարանի  կազմակերպած գիրքի ցուցահանդէս  տուած այցելութիւնը, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ հաճոյքով ընտրած էր իր սիրած գիրքը, որմէ ետք անոնք գոհունակ սիրտերով վերադարձած էին Տեմիրճեան կեդրոն: Նաեւ այս տարուան կարեւոր անակնկալն էր այն, որ մեր աշակերտները իրենց սրտաբուխ նուիրատութիւնները կատարած էին համահայկական ռատիոթոնին` հաւաքելով  500,000  լիբանանեան ոսկիի կոկիկ գումար մը, սատար հանդիսանալու համար Հայրենիքին, Արցախին եւ սուրիահայութեան:

2013 տարուան Ամանորը իր յայտագրով ու ընթացքով տարբեր էր Տեմիրճեան կեդրոնէն ներս: Ընդարձակ ու վայելուչ սրահի կեդրոնը զետեղուած էր շատ գեղեցիկ տօնածառ մը` զարդարուած հայկական թոչնագիր այբուբենով, ինչպէս նաեւ այս առթիւ հայկական տոհմիկ աւանդական սեղան մըն ալ պատրաստուած էր հայկական անուշեղէններով ու չիր ու չամիչով: Իսկ այս տարուան հանդէսի թեման էր` «Հայկական Նոր տարին», գնահատելի գաղափար մը, որ հարուստ էր թէ՛ նիւթով եւ թէ՛ ներկայացմամբ:

Յայտագրի ընթացքին բարձր դասարանի աշակերտներ հերթականօրէն եւ համարձակօրէն կարդացին հայկական սովորութիւնները, հաւատալիքները եւ շնորհաւորութիւնները, իսկ փոքրերը իրենց մասնակցութիւնը բերին արտասանելով եւ երգելով Ամանորի ու Ծննդեան յատուկ ոտանաւորներ ու երգեր` ինքնավստահօրէն ու անթերի կատարողութեամբ: Օրուան անակնկալն էր  հայկական գաթան, որ հրամցուեցաւ ներկայ ծնողներուն, որմէ ետք  ընտրուեցաւ օրուան բախտաւորը:

Մինչ կը հրամցուէր յայտագիրը, արդէն սկսած էր լսուիլ Կաղանդ պապուկին զանգին հաճելի ձայնը, որ սկսած էր աւելի ու աւելի մօտենալ` ստեղծելով հաճելի մթնոլորտ մը: Աշակերտներ, վայրկենական, ուրախութեամբ շրջապատեցին ծերուկ Կաղանդ պապան` երգի, պարի եւ ցնծութեան բացագանչութիւններով: Կաղանդ պապան, հակառակ իր յոգնած վիճակին, մեծ հաճոյքով զրուցեց աշակերտներուն հետ եւ քաջալերեց զանոնք, որպէսզի նոյն թափով շարունակեն իրենց աշխատանքները` սորվելու համար իրենց մայրենի լեզուն ու հայոց պատմութիւնը եւ իրենց բարի վարմունքով ջանան միշտ օգտակար ըլլալ ուրիշներու:

Այնպէս կը թուէր, թէ կաղանդ պապան ի՛նքն ալ լսած էր, որ անցնող 2012 տարին  «Հայ գիրքի տարի» էր, ուստի իրեն հետ բերած էր հայերեն գիրքեր եւ էջադիրներ` նուիրելու համար մեր աշակերտներուն: Յայտագրի վերջաւորութեան բոլոր ծնողներն ու աշակերտները, վայելելէ ետք զուարթ յայտագիրը, հիւրասիրուեցան հայկական ամանորեայ անուշեղէններով: Հրամցուած տպաւորիչ հանդէսը հաճելի եւ անկրկնելի  տրամադրութիւններ ցանեց  բոլորին հոգիներուն մէջ, եւ ներկաներ մեծ խանդավառութեամբ  իրարու փոխանցեցին ջերմ շնորհաւորութիւններ` մաղթելով, որ Նոր տարին ըլլայ բարեբեր եւ արեւշատ տարի մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )