Ըստ «Միլլիյեթ»-ի Քերրի Յառաջիկայ Ամիս Թուրքիա Պիտի Այցելէ

Ճոն Քերրի

Թրքական «Միլլիյեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ճոն Քերրի, որ մօտ օրէն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ, կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիս Թուրքիա այցելել` քննարկելու համար Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցերը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Անգարա այցելութիւնը իբրեւ արտաքին գործոց նախարար Քերրիի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը պիտի ըլլայ:

Ըստ «Միլլիյեթ»-ի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի անցեալ շաբաթ Ուաշինկթըն կատարած այցելութիւնը փետրուարի վերջաւորութեան կամ մարտին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան պատրաստութեան համար էր: Օրաթերթը կը նշէ, որ կը նախատեսուի, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ այցելէ:

Տաւութօղլու ուրբաթ օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին ըսած էր, որ ինք փետրուարին Քերրիի հետ Ուաշինկթընի կամ Անգարայի մէջ քննարկումներ պիտի կատարէ` աւելցնելով, որ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը եւս «պիտի չուշանայ»:

«Միլլիյեթ» կը հաղորդէ, որ Քերրիի օրակարգը պիտի բաղկանայ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն եւ Իրաքի մէջ քաղաքական իրարանցումի քննարկումներէն: Կը նախատեսուի, որ ան նաեւ հանդիպում ունենայ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարներ Սելահեթթին Տեմիրթաշի եւ Կիւլթան Քըշանաքի հետ` «խորհրդանշական կերպով (թուրք-քիւրտ) խաղաղութեան հոլովոյթը ամրապնդելու համար»:

Քերրի թերեւս հանդիպում ունենայ նաեւ Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )