«Իրաք Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Լիովին Բնականոնացնելու Փափաք Ունի» Կ՛ըսէ Զիպարի
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեց, որ իր երկիրը «Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները լիովին բնականոնացնելու փափաք ունի»:
Ան նշեց, որ «կը փափաքինք, որ Պաղտատի մէջ սէուտական դեսպանատունը վերաբացուի եւ այդտեղ դեսպան մը հաստատուի»:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը մերժեց Ռիատի եւ Պաղտատի միջեւ յարաբերութիւնները պատասխանատուով, կառավարութեամբ մը կամ վարչակարգով մը պայմանաւորել:
Զիպարի նաեւ ըսաւ, որ արաբական երկիրներուն մէջ անգործութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի նախատեսութիւնները վերապահ են եւ գոյութիւն ունին կառուցային հարցեր, ինչպէս` երիտասարդներուն վերաբերող եւ քաղաքացիներուն առիթ շնորհելու հարցեր: «Դիւանակալութիւնը կը խանգարէ տնտեսական թղթածրարները, ներառեալ` ներդրումը», նշեց ան:
CATEGORIES Միջազգային


