Ֆրանսայի Մէջ Քիմիական Գործարաններէն Մէկուն Մէջ Պատահած Արկածի Մը Պատճառով Փարիզի Մէջ Տհաճ Հոտ Տարածուած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հիւսիսարեւմտեան Ֆրանսայի մէջ գտնուող քիմիական գործարանի մը մէջ տեղի ունեցած է արկած մը, որուն պատճառով Փարիզի եւ անոր շրջակայքին մէջ սուր եւ տհաճ հոտ  մը տարածուած է:

Քիմիական գործարանը կը գտնուի Ռուան քաղաքին մէջ` Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն 120 քիլոմեթր արեւմուտք:

Ֆրանսական իշխանութիւնները կը վստահեցնեն, որ քիմիական նիւթերու արտահոսքին պատճառով վտանգ չի սպառնար, սակայն արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները կը շարունակեն մտահոգ քաղաքացիներէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստանալ:

Share this Article
CATEGORIES