Մուրսի Քննադատած Է Մալիի Մէջ Ֆրանսայի Զինուորական Գործողութիւնը
«Էյ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ ինք Մալիի զինեալ տագնապին մէջ Ֆրանսայի միջամտութեան չի զօրակցիր:
Ըստ Մուրսիի, Եգիպտոս ֆրանսական ուժերուն կողմէ իսլամականներու դէմ կատարուող գործողութիւնները չի պաշտպաներ, որովհետեւ ատիկա կը նպաստէ աշխարհի վրայ նոր «տաք օճախ»-ի ստեղծման:
Ըստ Եգիպտոսի նախագահին, այս տագնապը հիւսիսային Ափրիկէի երկիրները պիտի բաժնէ իրենց հարաւային դրացիներէն:
Մուրսի կոչ ուղղած է աջակցելու Ալճերիոյ կառավարութեան, որ դիմակայած էր ահաբեկչական յարձակումին, որուն ընթացքին քանի մը տասնեակ պատանդներ սպաննուած էին:
Եգիպտոսի նախագահի յայտարարութիւնը լիովին կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումներուն: Անոնք զօրավիգ կը կանգնին Ֆրանսայի եւ անոր որոշակի օգնութիւն կը տրամադրեն:


