ՊԱԿ Կը Մերժէ Սուրիոյ Պաղեստինցի Գաղթականներու Տունդարձի Իրաւունքէն Հրաժարելու Իսրայէլի Նախապայմանը

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) գաղթականներու հարցերով բաժանմունքի ղեկավար Զաքարիա Աղա «Սաութ Ֆըլըսթին» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մերժեց Սուրիոյ մէջ գտնուող պաղեստինցի գաղթականներուն Այսրյորդանան եւ Կազա վերադարձը արտօնելու համար Իսրայէլի ներկայացուցած նախապայմանը: Ան ընդգծեց, որ «տունդարձի իրաւունքը միջազգային օրէնքի հիմամբ իւրաքանչիւր պաղեստինցի գաղթականի հիմնական իրաւունքն է»:

Ան յայտնեց, որ Ապպաս աշխատանքի ձեռնարկած է պաշտպանելու համար Սուրիոյ մէջ գտնուող պաղեստինցի գաղթականները, մասնաւորաբար այդտեղ տեղի ունեցած բախումներէն ետք: Ապպաս ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կողմերու միջամտութիւնը խնդրած է պաշտպանելու համար գաղթականները, որոնց շարքերուն մէջ բազմաթիւ զոհեր արձանագրուած են` նշելով, որ «ան նաեւ Իսրայէլէն խնդրեց Սուրիայէն գաղթականներու որոշ թիւի մը արտօնել ժամանակաւոր կերպով մուտք գործել պաղեստինեան հողամասեր, սակայն Իսրայէլ արգելակիչ պայման մը դրած է, որ իւրաքանչիւր անձ, որ բռնագրաւուած հողեր մուտք կը գործէ, իր տունդարձի իրաւունքէն հրաժարի, բան մը, որ Ապպաս կտրուկ կերպով մերժեց»: Ան շեշտեց, որ պաղեստինեան հողեր վերադառնալը տունդարձի միջազգային որոշումներուն գործադրութիւնը չէ:

Աղա բացատրեց, որ այդ որոշումները կը նշեն, որ պաղեստինցի գաղթականը 1948-ին լքած քաղաքը կամ գիւղը վերադառնայ, ըստ թիւ 194 եւ այլ բանաձեւերու, որոնք պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը կը նշեն:

Share this Article
CATEGORIES