Ըստ Ռուսիոյ Օդուժի Նախկին Հրամանատարին Թուրքիոյ Մէջ Տեղակայուող «Փաթրիոթ»-ները Ռուսիոյ Դէմ Ուղղուած Են Եւ Կրնան Հայաստանը Ռմբակոծել, Եթէ Սահմանամերձ Շրջանի Մը Մէջ Զետեղուին

Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք եւ Գերմանիայէն բերուած «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգերը ղեկավարող զինուորներու հրամանատար Մարքուս Իըրման յայտնեց, որ այդ համակարգերը բախումներու ընթացքին չեն օգտագործուիր, այլ միայն այլ տեղէ մը օդի ճամբով եկող սպառնալիքի մը դիմակայման համար, որովհետեւ հրթիռները կ՛արձակուին այդ սպառնալիքը օդին մէջ վնասազերծելու համար:

Ան ըսաւ, որ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւններու պարագային անոր անդամները ծախսերը կը բաժնեկցին` նշելով, որ գերմանական խորհրդարանը 25 միլիոն եւրոյի նախնական պիւտճէ մը ճշդած է:

Ռուսիոյ օդուժի նախկին հրամանատար Անաթոլի Քուրնիքով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուող ամերիկեան համակարգերը հիմնականին մէջ ԱՊՀ-ի երկիրներուն դէմ, այսինքն` նախ եւ առաջ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած են:

Ան համոզում յայտնեց, որ անոնք ոչ այնքան Սուրիոյ դէմ ուղղուած են, որքան Ռուսիոյ` նշելով, որ սահմանները մօտ են, եւ Ազրպէյճան Թուրքիոյ դաշնակիցն է, անոնք կրնան շատ դիւրութեամբ Հայաստանը ռմբակոծել, եթէ այդ համակարգերը սահմանին մօտ գտնուող լեռներուն վրայ տեղակայեն:

Բայց եւ այնպէս, ան նշեց, որ այդ հրթիռներուն հասողութիւնը 75 քիլոմեթր է եւ միայն Թուրքիոյ սահմանային շրջանը պիտի պաշտպանեն, այլ խօսքով` որեւէ հարց չեն լուծեր, սակայն եթէ իրենց հասողութեան տակ գտնուող օդանաւ մը ի յայտ գայ, անպայման վար պիտի առնեն, իսկ եթէ այդ հրթիռներուն դիրքերն ու հասողութիւնը ծանօթ ըլլան, ապա կարելի է անոնցմէ խուսափիլ, այլ խօսքով` «Փաթրիոթ»-ները միայն բարոյական ազդեցութիւն ունին:

Միւս կողմէ, շուրջ 150 անձեր Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարեցին ընդդէմ Թուրքիոյ մէջ Գերմանիայէն ուղարկուած «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման: Ցուցարարները կը բացագանչէին. «Գերմանիա՛, հրթիռներդ ա՛ռ եւ գնա՛»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES