Ֆրանսացի Դատախազ Մը ՔԱԿ-ի Գործիչներուն Սպանութեան Հարցով Ձերբակալեալին Ինքնութիւնը Կը Հրապարակէ

Ցուցարարներ կը բողոքեն երեք քիւրտ գործիչներու սպանութեան դէմ

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ երեք քիւրտ գործիչներու սպանութեան հարցով կասկածելին, որ Լա Քուրնէօվ (Սեն Սան Տընի) բնակող Էօմեր Կիւնէյ անունով 30-ամեայ քիւրտ մըն է, երկուշաբթի օր դատախազութեան յանձնուած է:

Կասկածելին, որ երբեմն զոհերէն մէկուն իբրեւ վարորդը կը ծառայէր, երկու տարիէ ի վեր անդամակցած է ՔԱԿ-ին: Անոր վկայութեան մէջ հակասութիւններ նշմարուած են` ինչ կը վերաբերի Քրտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ իր ներկայութեան ժամերուն եւ տեսախցիկներու արձանագրութեան: Դատախազը աւելցուցած է, որ Կիւնէյ զոհերը ողջ տեսած վերջին անձն է: Ան հերքած է սպանութեան իր մեղսակցութիւնը` նշելով, որ ինք դաւի մը զոհն է: «Փոխարէնը, ան չուզեց որեւէ բացատրութիւն տալ այդ հակասութիւններուն մասին: Հետաքննիչներու կողմէ տուեալներուն դէմ յանդիման դրուելէ ետք ան ոչինչ ուզած է ըսել», նշած է աղբիւր մը:

Ըստ թղթածրարին քաջածանօթ աղբիւրի մը, անոր հագուստներէն մէկուն վրայ վառօդի հետքեր գտնուած են: Այդ առնչութեամբ մասնագիտական քննութեան արդիւնքները ծանօթ չեն:

Ֆրանսական ոստիկանական աղբիւրներ «Թուտէյզ Զաման»-ին յայտնած են, որ Կիւնէյ ՔԱԿի առնչուած խմբաւորումներու մէջ ծանօթ է իր աշխուժ գործունէութեամբ: Ան դեկտեմբերին Հոլանտայի մէջ ձերբակալուած է ՔԱԿ-ի մէկ ցոյցին ընթացքին: Ան մարտ 2012-ին Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած է Էյֆելի աշտարակի 2-րդ յարկին վրայ ՔԱԿ-ի զօրակցող ոչ արտօնուած ցոյցի մը մասնակցելուն համար:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու մեկնաբանելով վերոնշեալ լուրը յայտնեց, որ սկիզբէն ի վեր յայտնի էր, որ ՔԱԿ-ի երեք գործիչներու սպանութիւնը «ներքին հաշուեյարդար» մըն է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ կապի մէջ են ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ, որոնք կը յայտնեն, որ մինչեւ հիմա ձեռք բերուած փաստերը զիրենք մղած է ոճիրին իբրեւ դրդապատճառ ՔԱԿ-ի մէջ ներքին տագնապի մը վրայ կեդրոնանալու:

«Դատական հետաքննութիւն մը ընթացքի մէջ է, եւ հետաքննութեան ամբողջացումէն առաջ այս հարցին շուրջ մեկնաբանութիւն կատարելը ճիշդ պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )