Ռուս Քաղաքացիներ Հեռացան Սուրիայէն. «Ռուսիա Սուրիայէն Ռուս Քաղաքացիներու Զանգուածային Հեռացման Ծրագիր Մը Չի Պատրաստեր» Կ՛ըսէ Տենիսով

Անտրէ Տենիսով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Անտրէ Տենիսով յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիայէն ռուս քաղաքացիներու զանգուածային հեռացման ծրագիր մը չի պատրաստեր, այլ` Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պատկանող երկու օդանաւեր այդտեղ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրեցին, եւ քանի այդ օդանաւերը հոն են, իրենց երեխաներով միասին հեռանալ ուզողներ կան, եւ մենք պատրաստ ենք զանոնք հեռացնելու»:

Ան յայտնեց, որ  Սուրիոյ մէջ ռուսական դեսպանատունը բնականոն կերպով կը գործէ` աւելցնելով, որ «մենք Հալէպի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւնը այդտեղ ընթացող ճակատամարտներուն պատճառով փակեցինք»` աւելցնելով, որ «այդտեղ ապահովութեան ուղղակի սպառնալիք մը գոյութիւն չունէր, հակառակ ատոր որոշեցինք հիւպատոսարանը Դամասկոս փոխադրել»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Մոսկուա մօտ օրէն սուրիական ընդդիմութեան հետ, ներառեալ` այն կողմերուն հետ, որոնց հետ նախապէս կապ չենք հաստատած, նոր հանդիպումներ չի բացառեր»:

Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը իր կարգին ըսաւ, որ Պէյրութի օդակայան էջք կատարած ռուսական օդանաւերուն ճամբով ռուս քաղաքացիներու Մոսկուա փոխադրումը բացարձակապէս հեռացման գործողութիւն մը չէ, այլ պարզապէս «անձնական կամ այլ պատճառներով» Ռուսիա վերադառնալ փափաքող քաղաքացիներուն կամքին ընդառաջում մը:

76 ռուս քաղաքացիներ փոխադրող կարաւան մը Մասնաայի սահմանային անցքին ճամբով մուտք գործեց Լիբանան եւ ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ ռուս քաղաքացիները մեկնեցան Մոսկուա:

Մինչ այդ, սուրիացի գործիչներ երէկ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ քիւրտերու եւ սուրիացի ընդդիմադիրներու միջեւ մէկ շաբաթէ ի վեր ընթացած բախումներուն ընթացքին 56 զոհ արձանագրուած է: Մարդկային իրաւանց հսկողութեան սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ ընդդիմադիրները քիւրտերուն դէմ հրասայլեր եւ հրասանդի հրթիռներ կ՛օգտագործեն:

Քիւրտ զինեալները երէկ Հասաքէ նահանգի Ռասուլ Այն քաղաքին մէջ բախում ունեցած են ընդդիմադիր զինեալներու հետ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի քննադատած են սուրիական տագնապի երկու կողմերը, ինչպէս նաեւ զանոնք զինող արտաքին ուժերը:

ՄԱԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը կը նշէ, որ «անոնք երկուքն ալ խոր հիասթափութիւն եւ ցաւ յայտնած են սպանութիւններուն եւ աւերումի չափերուն վերաբերեալ, որոնք կը կատարեն թէ՛ կառավարական ուժերը, թէ՛ ընդդիմութիւնը: Անոնք քննադատած են արտաքին ուժերը, որոնք կը զինեն երկու կողմերը»:

Ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեան, Քի Մուն եւ Իպրահիմի նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են միջազգային ընտանիքին մէջ միասնական տեսակէտի բացակայութեան համար, ինչ որ կրնար փոփոխութիւններու յանգեցնել` համաձայն անցեալ տարուան յունիսին Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան, եւ վերջ դնել սուրիացի ժողովուրդի չարչարանքներուն:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆահտ Ֆրէյժ յայտարարած է, որ Սուրիոյ բանակը պիտի պատերազմի ահաբեկչութեան դէմ` մինչեւ յաղթական աւարտը: Ան հաւաստած է, որ զինուորներու մարտական ոգին շատ բարձր է, սուրիացի զինուորներն ու սպաները վճռական են` ազատագրելու հայրենիքը աւազակախումբերէն:

«Մեր ուժերը հակառակորդը ամէնուրեք պիտի հետապնդեն, քանի տակաւին չեն հասած նպատակին եւ չեն խափանած Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնը», ըսած է ան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի, 29 յունուարին Քաթար պիտի այցելէ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ երկրին իշխանին ու վարչապետին հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, Իրանի հիւլէական թղթածրարին եւ Իրաքի հարցերը, իսկ քննարկումի գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Սուրիոյ հարցը:

Share this Article
CATEGORIES