Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստին ընթացքին Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ կարելի չէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին քննարկումը շարունակել, որովհետեւ անիկա կը սաստկացնէ երկրին մէջ տիրող համայնքային լարուածութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին յարաբերութեանց խորհրդական Մոհամետ Շաթահ երէկ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հանդիպումէն ետք Շաթահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դաշինքը շատ աւելի մեծ է եւ լուրջ, քան` ընտրական շահերը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութեան օրինագիծին վերաբերող հարցեր: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ մարոնիներու հոգեւոր պետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
ՇԹՈՐԱՅԻ բնակարանային համալիրներէն մէկուն մէջ, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ «Աուտէ» դրամատունը, բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ անմիջապէս հակակշիռի տակ առնուեցաւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային իրենց հիմնական նպատակն է քրիստոնեայ համայնքին իրաւազրկումին վերջ տալ:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան երէկ այցելեց մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի: Հանդիպումէն ետք Համտան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ չէզոք քաղաքականութեան որդեգրման հանգրուանին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին մէկ զօրամասը երէկ երեկոյեան Ղպէյրիի մէջ կատարեց խուզարկումներ` իմանալէ ետք, թէ այդ շրջանին մէջ կը գտնուին իսրայէլեան արտադրութիւններ պարունակող պահեստանոցներ:
ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը պիտի հրաւիրէ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազեզի մէջ լիբանանցի առեւանգուածները ազատ արձակելու առումով կայ համաձայնութեան մը առաջարկը, որուն հիման վրայ Սուրիոյ ընդդիմութեան թեւի 1000 արգելափակեալներ ազատ պիտի արձակուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաւանական նկատեց, որ ընտրական օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը այսօր աւարտէ իր աշխատանքները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ համախմբումը կը պատրաստէ շարք մը թղթածրարներ, որոնց հիման վրայ պիտի բացայայտուին բազմաթիւ գայթակղութիւններ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 195 հազարի, իսկ Սուրիայէն հասած պաղեստինցի գաղթականներուն թիւը` 20 հազարի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կուսակցութիւնը այլեւս 1960-ի ընտրական օրէնքին կառչած չէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ ինք մտահոգ է, որ ընտրական օրինագիծը կրնայ անելի մատնուիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաւանական նկատեց, որ ընտրական օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը իր աշխատանքին ժամանակը երկարաձգէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց գործադրելու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծը, որպէսզի քրիստոնեայ համայնքին քուէները վերարժեւորուին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ իրենք ընտրական օրինագիծին տագնապը լուծելու առումով մեծ վստահութիւն ունին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վրայ:
«ՍԹԵԹԻՍԹԻՔՍ ԼԵՊԱՆՈՆ» ընկերութեան տնօրէն Ռապիհ Հապըր յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծէն ամէնէն աւելի պիտի օգտուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ անոր պիտի յաջորդէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը կը հարուածէ լիբանանեան համերաշխութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ կոչ ուղղեց Քայիտան եւ Պաշշար Ասատը միասնաբար ապազինելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց արտօնելու, որ արտերկրի լիբանանցիները եւս մասնակցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն, նոյնիսկ եթէ քուէարկութեան հոլովոյթին մասնակցիլ փափաքողները ըլլան միայն երկու հազար հոգի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ինք պիտի մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրել, եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը վաւերացուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Լիբանան պիտի ժամանէ պապական ներկայացուցիչ մը, որ պիտի օժանդակէ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման դէմ խոչընդոտները հարթելու աշխատանքին: