Շարպել. «Կարելի Է Թեքնիք Յետաձգում Մը Կատարել»
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը պէտք է արագացնել, որպէսզի ներքին գործոց նախարարութիւնը կարենայ իր թեքնիք եւ գումակային դասաւորումները կատարել:
Շարպել շեշտեց, որ եթէ փետրուարէն աւելի երկար տեւէ ընտրական օրէնքի վաւերացման հանգրուանը, ապա կարելի է թեքնիք յետաձգում մը կատարել 3-5 ամսուան համար:
Ռումիէի բանտի հարցին անդրադառնալով Շարպել յայտնեց, որ բանտին շրջակայքը քամերաներ պիտի զետեղուին` աւելցնելով, որ մինչեւ յառաջիկայ ամառ պիտի աւարտի Ռումիէի բանտին շինարարութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային