Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Ամէնէն Աւելի Վճարուող Իսրայէլեան Գործակալը
Լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց իսրայէլեան Մոսատին հաշուոյն աշխատող գործակալ մը, որ 23 տարիէ ի վեր գործակալութեամբ կը զբաղի:
Ապահովական աղբիւրներու համաձայն, լիբանանցի այս գործակալը կը կոչուի Ալի Ռաֆիք Եաղի, որ Պաալպեքի բնակիչներէն է: Ան անդամակցած է Պաալպեքի քաղաքապետական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ եղած է հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան պաշտօնեայ:
Եաղի խոստովանած է, որ ինք այցելած է Իսրայէլ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներ, ուր հանդիպումներ ունեցած է իսրայէլացիներու հետ:
Ան շեշտեց, որ ինք Իսրայէլի օժանդակելու առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին` աւելցնելով, որ ինք Դիմադրութեան եւ բանակին մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններ տրամադրած է:
Ապահովական աղբիւրները շեշտեցին, որ ան ամէնէն աւելի վճարուող գործակալն է:
Եաղի փոխանցուեցաւ Զինուորական ատեան, ուր դատավարութեան պիտի ենթարկուի եւ կրնայ մահապատիժի դատապարտուիլ: