Սուրիոյ Մէջ Գտնուող Ռուս Քաղաքացիներ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանէն Ուղղուեցան Մոսկուա

Սուրիոյ մէջ գտնուող 76 ռուս քաղաքացիներ երէկ ցամաքային ճամբով ուղղուեցան Լիբանան եւ Լիբանան-Սուրիա Մասնաայի սահմանը անցնելով ուղղուեցան մայրաքաղաք ու Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցան Մոսկուա:

Այս իրականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուեցան այն եզրակացութիւնները, թէ Ռուսիա Դամասկոսի մէջ գտնուող իր քաղաքացիները կը պարպէ, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապը աւելի եւս պիտի սաստկանայ:

Սակայն ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ փութացին հերքելու, թէ նման մտահոգութիւններ գոյութիւն չունին եւ թէ Մոսկուա այդ քայլին ձեռնարկած է պարզապէս անոր համար, որ իր քաղաքացիները պահանջած են մեկնիլ Սուրիայէն:

Այս մասին լիբանանեան իշխանութիւնները ոչինչ յայտնեցին. լիբանանեան ապահովական ուժեր ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ ռուս քաղաքացիները Մասնաայի սահմանէն փոխադրեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան:

Share this Article
CATEGORIES