Վարչապետ Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգ Իշխանին Հետ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ մէջ սկսած Տնտեսական եւ ընկերային մարզի բարգաւաճման արաբական վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ
շրջանին թեւակոխած այս հանգրուանին ընթացքին նման վեհաժողովի մը կայացումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումին բանալին Պաղեստինեան հարցին լուծումն է` ապահովելով նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը:
Վարչապետ Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ շրջանին մէջ արիւնահեղութեան կասեցումը եւ անոր ունենալիք ժխտական ազդեցութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ` ներկայութեամբ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի, իսկ լիբանանեան կողմէն արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ պատմական յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին շեշտուեցաւ նաեւ շրջանը յուզող տագնապներէն Լիբանանը հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ բազմազանութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը եւ համերաշխութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:


