Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Քննարկումները
Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ առաւօտեան գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:
Նիստէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբին քննարկումները եղած են դրական` աւելցնելով, որ կան որոշ մտահոգութիւններ, որոնք հիմնական են, եւ ընտրական որեւէ օրէնք չի կրնար զանոնք լուծել:
Ղանեմ նշեց, որ ենթայանձնախումբին երէկուան նիստը եղած է շատ անկեղծ ու թափանցիկ: Այդ քննարկումներուն ընթացքին նկատի առնուած են այն տարազները, որոնք համայնքային հաւասարութիւն եւ քաղաքական հաւասարակշռութիւն կ՛ապահովեն:
Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբը իր նիստերը պիտի շարունակէ այսօր:
Ան աւելցուց, որ եթէ որոշ հասարակ յայտարարներ նշմարուին, ապա կարելի պիտի ըլլայ քննարկումները շարունակել:
Նշենք, որ այս ենթայանձնախումբին մաս կը կազմեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայեպ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Սերժ Թուրսարգիսեան:
ՄԻՒՍ կողմէ, քրիստոնեայ այլ ուժեր երէկ համախմբուեցան երեսփոխան Պութրոս Հարպի բնակարանին մէջ եւ կոչ ուղղեցին որդեգրելու ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ բոլորին, հաւասարութիւնը կը պահպանէ եւ երկրին սահմանադրութեան կը համընկնի: Անոնք մերժեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ փորձ:


