Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Վարչապետ Մետվետեւի Հետ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ կը գտնուի Ռուսիա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի թեւակոխած ներկայ հանգրուանը կ՛արգելակէ Պէյրութ-Մոսկուա միացեալ համաձայնագիրներուն ամբողջական գործադրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ռուսիան ամէնէն աւելի մտերիմ է Միջին Արեւելքին հետ:
Իր կարգին, Մետվետեւ շեշտեց, որ Մոսկուա յանձնառու է Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնները պէտք է հզօրացնել ոչ միայն տնտեսական, այլեւ` մարդասիրական մարզերուն մէջ:
Ըստ Քրեմլինի, նախագահ Սլէյման այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուին լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանանի կատարուելիք ռուսական օժանդակութիւնները, յատկապէս զինուորական օժանդակութիւնները, Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:


