Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշգրիտ Թուականին Կատարելը Առաջնահերթութիւն Է» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն բացակայեցաւ նախարար Սելիմ Քարամ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի վերահաստատած է երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծը քննարկումի շինիչ ենթահող մը կը ներկայացնէ:

Տաուք յայտնեց, որ վարչապետը շնորհաւորած է Ֆայսալ Քարամէն` մահափորձէն փրկուելուն առիթով եւ բարձր գնահատած նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի կեցուածքները:

Վարչապետը կոչ ուղղած է արդարութեան նախարարին` արագացնելու արգելափակեալներուն դատավարութիւնները, յատկապէս իսլամ բանտարկեալներուն թղթածրարին պարագային:

Տաուք նշեց նաեւ, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութեան փոխանցած է Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Ընկերային եւ տնտեսական բարգաւաճման արաբական Գ. վեհաժողովէն բխած որոշումները, որոնք կ՛աշխուժացնեն արաբական համագործակցութիւնը:

Միքաթի աւելցուց, որ Լիբանանի անունով հրաւէր ուղղուած է Տնտեսական բարգաւաճման արաբական յաջորդ վեհաժողովը Պէյրութի մէջ հիւրընկալելու:

Տաուքի համաձայն, վարչապետ Միքաթի յայտնած է նաեւ, որ ինք Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանին հետ եւ անոր հետ քննարկած երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը լուսարձակի տակ առած է մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի դէմ գործուած յարձակումը, որուն շրջագիծին մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնած է, որ Քարամէի դէմ յարձակում գործող յանցագործներէն մէկը արդէն ձերբակալուած է:

Ան նշեց նաեւ, որ նախարարաց խորհուրդը բարձր գնահատած է նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի յայտարարութիւնները, որոնք մարեցին նախապատրաստուած սադրանքները:

Կառավարութիւնը շեշտեց, որ ինք պիտի դիմէ բոլոր քայլերուն, որոնց նպատակն է Թրիփոլիի եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովական կայունութիւնը հաստատել:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընէն եւ նախարար Մարուան Շարպելէն պահանջեց մշակել ապահովական ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ ջնջել զէնք կրելու արտօնագիրները եւ ինքնաշարժներուն վրայ մութ գոյնի ապակիներ զետեղելու դրութիւնը:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երեքշաբթի, 29 յունուարին:

Այլ գետնի վրայ, նախարարական աղբիւրներ նշեցին, որ կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետ Միքաթի կտրուկ կերպով մերժեց քննարկել քաղաքացիական ամուսնութեան վերաբերող օրինագիծին հարցը` նշելով, որ «այս հարցը վիճայարոյց հարց է եւ հիմա անոր ժամանակը չէ: Երբ նախարար Ֆատի Ապպուտ հարցուցած է, թէ «երբ է այս հարցին քննարկման ժամանակը», ան ջղայնութեամբ պատասխանած է. «Անոր ժամանակը երբեք պիտի չգայ… Ես երբեք այս հարցը պիտի չարծարծեմ»:

Share this Article
CATEGORIES