Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունենալիք Համաժողովին Պիտի Քննարկուին Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերող Հարցեր

Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները խթանելով եւ անդամ պետութիւններուն հետ երկխօսելով զօրացնել Հայաստանը. ասիկա է Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի օրակարգային հարցը: Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան` Պրիւքսէլի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Գասպար Կարապետեան` ընդգծելով, որ որքան զօրաւոր է Հայաստանը, այնքան ուժեղ պիտի ըլլայ անոր ձայնը:

Այդ նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ նախաձեռնուեցաւ Հայ-եւրոպական երրորդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսէլի մէջ 4-5 մարտ 2013-ին: Համագումարը տեղի պիտի ունենայ երկու նստաշրջանով: Առաջին նստաշրջանին ընթացքին Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն համաեւրոպական խնդիրներուն առնչուող հարցեր եւ հայերու մասնակցութիւնը այդ բոլորին մէջ: Քննարկման առարկայ պիտի դառնան մշակոյթին, լեզուին, հայու ինքնութեան վերաբերող հարցեր, շարք մը քաղաքական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ թուրք-ազրպէյճանական միացեալ լոպիի գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստումը եւ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացումը, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը:

Ըստ Կարապետեանի, երկրորդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ` Եւրոպական խորհուրդի մեծագոյն քաղաքական խումբի` Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան հովանիին ներքեւ: Պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան գործելաոճին, Ցեղասպանութեան առնչուող միջազգային օրէնքներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր: Համաժողովը նպատակ ունի խորացնել յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ:

Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը առանձնացուց այն խնդիրները, որոնք այժմ կը գտնուին Հայ դատի եւրոպական գրասենեակի ուշադրութեան կեդրոնը: «Այժմ ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկն է ամրապնդել Արցախի դիրքը` իբրեւ անկախ եւ ինքնորոշուած պետութիւն եւ ճանչնալ տալ ատիկա եւրոպական երկիրներուն կողմէ: Մեր կազմակերպութիւնը նաեւ աշխուժօրէն կը մասնակցի Ջաւախքի մէջ ապրող հայերու օգնութեան: Բացի անկէ, եթէ հայկական համայնքներէն որեւէ մէկուն վտանգ կը սպառնայ, ինչպէս եղաւ Սուրիոյ պարագային, մենք կը կազմակերպենք մարդասիրական օգնութիւն եւ կ՛ընենք ամէն ինչ` ապահովելու անոնց անվտանգութիւնը», նշեց Գասպար Կարապետեան:

Ան աւելցուց, որ վերջերս հանդիպում կազմակերպուած էր Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ռոտի Քրասթա-Ցանկարոփուլուի հետ Սուրիոյ մէջ հայ բնակչութեան վիճակին վերաբերեալ: Հանդիպման նպատակը եղած է կեդրոնացնել Եւրոպայի ուշադրութիւնը Սուրիոյ եւ այնտեղ բնակող հայկական համայնքին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES