Սարգսեան Եւ Մետվետեւ Համաձայնած Են Հանդիպիլ Մոսկուայի Մէջ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի կարեւոր հարցեր եւ միտքեր փոխանակած են շրջանային զարգացումներու վերաբերեալ:
Կողմերը նաեւ համաձայնութիւն ձեռք բերած են հանդիպելու Մոսկուայի մէջ` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերը աւելի մանրամասն քննարկելու համար:
CATEGORIES Հայկական

