Հայաստանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Նպատակ Ունի Մասնակցիլ Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեան, «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականները տարին պիտի սկսին յառաջիկայ ամրան:
«Պատանիներու եւ տղոց ազգային հաւաքականները մեծամասնութեամբ պիտի ըլլան հայ մարզիկներ: Խումբերը իրենց լուրջ աշխատանքներուն պիտի սկսին յառաջիկայ ամրան: Ֆետերասիոնը առաջնահերթ նպատակ ունի մասնակցելու Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն», ըսաւ Յարութիւնեան:
Յառաջիկայ գարնան Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Վիթալի Զախալովի յիշատակին նուիրուած 8-րդ միջազգային մրցաշարքը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 1997-1998 ծնունդ մարզիկներ Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Հայաստանէն եւ շատ հաւանաբար Իրանէն:
CATEGORIES Մարզական

