Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս` 51-24
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, որոնք նախապէս արձանագրած էին երեք յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, արձանագրեցին չորրորդ յաղթանակը, երբ 51-24 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին իրենց հիւրը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 10-8, 9-7, 18-6 եւ 14-3:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սանտրա Նաժըմ (15), ապա` Նաթալի Սվաճեան (13): Մնացեալ կէտերը նշանակեցին Ալիք Թապաքեան, Ռայա Ֆարահ (8-ական կէտ), Քաթերին Հաժ (5) եւ Եասմին Արապ (2):
6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, շաբաթ, 26 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մեկնի հիւսիս, ուր Սաֆատի համալիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:
Այս մրցումը ՀՄԸՄ-ի համար պիտի ըլլայ երթի վերջին ճակատումը` նկատի ունենալով, որ 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք:


