Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Հաւաքականը Կարելի Է Նկատել… «Փակուած»

eMedia.am կայքէջը երէկ յայտնեց, որ «Ժողովուրդ» օրաթերթը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «փակած է» Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը:

«Արդեօք մեզի կին ֆութպոլիստներ պէտք չե՞ն: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հաւաքականին ճակատագիրը», հարց տուած է վերոնշեալ օրաթերթը:

Օրաթերթին հարցումներուն պատասխանելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ բանբեր Արայիկ Մանուկեան ըսած է.

«Մենք այս տարի նպատակայարմար չենք գտներ, որ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Ֆութպոլիստներ կ՛ըլլան, որոնք կը հրաւիրուին հաւաքի: Սակայն, այս տարի որոշեցինք հաւաքականը չներկայացնել Եւրոպայի ախոյեանութեան: Հետեւաբար, նկատի ունենալով, որ հաւաքականները կը կազմաւորուին ֆետերասիոնին հրաւէրով, որոշուեցաւ չկազմել աղջկանց հաւաքականը: Ուրեմն, աղջկանց հաւաքականը կարելի է նկատել… «փակուած», ըսաւ Մանուկեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )