Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Գերզգայնութիւնը» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերզգայնութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց գերզգայնութիւն պատճառող այլազան նիւթերը, օրինակ` տնային առարկաներէն եկող փոշին, յատկապէս գորգերու փոշին եւ ծաղիկներէ եւ ծառերէ տարածուող բեղմնափոշին: Մկրեան թելադրեց հեռու մնալ այն նիւթերէն, որոնք գերզգայնութիւն կը պատճառեն` կանխարգիլելու համար տարբեր առողջապահական բարդոյթներ:
Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով գերզգայնութիւնը: Մարդու մարմինը ունի պաշտպանողական համակարգ` պաշտպանելով մարմինը տարբեր օտար մարմիններէ, ինչպէս` մանրէներէ, ժահրերէ: Գերզգայնութիւնը պաշտպանողական համակարգի հակազդեցութիւնն է բնականօրէն անվնաս նիւթի կամ մարմնի:
Որո՞նք կրնան ըլլալ վտանգաւոր ազդակները, որոնք կը յառաջացնեն գերզգայնութիւն:
ա.- Երբ ընտանիքի պատմութեան մէջ կան ազմայի (շնչարգելութեան) կամ ընդհանրապէս գերզգայնութեան պարագաներ:
բ.- Երեխաները աւելի հակամէտ են գերզգայնութեան եւ անոր ապագայ զարգացման:
գ.- Երբ ազմայի կամ գերզգայնութեան պայմանները կան, ենթական հակամէտ կը դառնայ տարբեր գերզգայնութիւններու զարգացման:
Որո՞նք են պատճառները գերզգայնութեան.- Սննդագէտը թուեց այն ազդակները եւ նիւթերը, որոնք գերզգայնութիւն կը պատճառեն:
1.- Օդով տեղափոխուող ծաղիկներու կամ ծառերու բեղմնափոշին:
2.- Միջատներու խայթոցը:
3.- Տարբեր նիւթեր, որոնք մորթային գերզգայնութիւն կը պատճառեն, գեղեցկագիտական քսուկներ, մազի ներկեր եւ այլն:
4.- Տարբեր նիւթեր, որոնք կը գտնուին կերակուրներու մէջ:
5.- Դեղերու տեսակներ, որոնք կրնան գերզգայնութիւն յառաջացնել հիւանդին մօտ:
Շարունակելով` Մարիա Թէքէեան բացատրեց, թէ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ մարմինը կը հակազդէ տարբեր ազդակներու, որոնք գերզգայնութիւն կը յառաջացնեն:
Դասախօսը թուելով գերզգայնութեան ախտանշանները զանոնք բաժնեց երկու մասերու.
ա.- Ընդհանուր ախտանշաններ, օրինակ` փռշտոց, խռխռոց, մորթախտ, ուռուցք, այտուցք եւ այլն:
բ.- Սուր ախտանշաններ.
– Կծումի զգացում բերնի մէջ
– Լեզուն եւ կոկորդը ուռիլ
– Շնչահեղձութիւն
– Սրտխառնուք
– Փորքշուկ
– Գիտակցութեան կորուստ
Տարբեր անասուններ, յատկապէս ընտանի անասուններ, որոնք անմիջական կապ ունին մարդ անհատին հետ, կրնան տարբեր պայմաններու ներքեւ տարբեր տեսակի գերզգայնութիւն յառաջացնել:
Այս բաժինով դասախօսը յիշեց տարբեր տեսակի թոյները` միջատներէ կամ անասուններէ արտադրուած:
Սննդագէտը նշեց բորբոսը, որ կը յառաջանայ խոնաւութեան իբրեւ արդիւնք, տուներու կամ տարբեր բնակելի վայրերու մէջ: Բորբոսին արտադրած տարբեր սերմերը կրնան պատճառել գերզգայնութիւն: Երկու այլ ընդհանրացած նիւթեր, որոնք գերզգայնութիւն կը պատճառեն, հետեւեալներն են.
1.- Ծխախոտի ծուխը
2.- Անուշահոտը
Երկրորդ բաժինով սննդագէտ Մարիա Թէքէեան թուեց այն կերակուրները, ճաշերը, որոնք կրնան տարբեր պայմաններու տակ գերզգայնութիւն յառաջացնել: Օրինակ` պիստակը, ընկոյզը, սոյան, ցորենը, ձուկը, հաւկիթը, կաթը, շուշման:
Վերջին բաժինով սննդագէտը թուեց շարք մը քննութիւններ, որոնք կը յայտնաբերեն գերզգայնութեան տեսակները եւ մակարդակները: Թէքէեան յիշեց բուժման ու կանխարգիլման միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են գերզգայնութեան պայմանները կասեցնելու եւ նուազեցնելու տարբեր բարդութիւնները:
Աւարտին սննդագէտ Մարիա Թէքէեան տարբեր օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

