Ժոմպլաթ. «Նախագահն Ու Վարչապետը Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնեն Պահպանելու Համար Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Սուրիոյ ներկայ տագնապը կարելի է լուծել միայն քաղաքական լուծումի մը ընդմէջէն:
Ան նշեց, որ քաղաքական լուծումի մը յանգելու պարագային, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է իշխանութիւնը լքէ, սակայն եթէ ան մերժէ լքել իշխանութիւնը, ապա ան իր բոլոր իրաւասութիւնները պէտք է զիջի փոխանցման շրջանի կառավարութեան:
Ժոմպլաթ ցաւ յայտնեց, որ Սուրիա մուտք գործած է երկարատեւ ապակայունութեան հանգրուան` շեշտելով, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը պէտք չէ Լիբանան փոխանցել, իսկ Լիբանանի պարագային անհրաժեշտ է վերսկսիլ ազգային երկխօսութեան, որուն համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ամէն ջանք ի գործ կը դնէ:
«Նախագահ Սլէյման ուշիմ եւ հաւասարակշռուած քաղաքական անձնաւորութիւն մըն է, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ կ՛աշխատի երաշխաւորել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը», եզրափակեց Ժոմպլաթ:

