Քարամէ-Ուահապ Հանդիպում
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ուահապ ուրախութիւն յայտնեց Քարամէի դէմ գործուած մահափորձէն անոր փրկութեան առիթով:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան մուտք գործած է երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու հանգրուան` աւելցնելով, որ ոմանք երեսփոխանական ընտրութիւնները լուրջի չեն առած:
Ուահապ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած եւ Լիբանանը մեծ ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին:
CATEGORIES Լիբանանեան

