Բանակը Յանձնառու Է Շրջանային Տագնապներէն Հեռու Մնալու Եւ Ընտրութիւնները Պաշտպանելու

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ արաբ եւ օտար զինուորական կցորդներու լիկային հետ:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակին սպաներն ու զինուորները յանձնառու են բանակի հրամանատարութեան որոշումներուն, եւ «մենք մեր կարգին յանձնառու ենք երկրին օրէնքներուն նկատմամբ մեր յարգանքին, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք պաշտպանելու համար Լիբանանի սահմանադրութիւնը եւ Թաէֆի համաձայնագիրը»:

«Այս սկզբունքներուն հիման վրայ, բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Լիբանանը վերածելու այնպիսի երկրի մը, ուր նոր պատերազմներ չեն արձանագրուիր եւ ուր անոր ժողովրդավարական վարչակարգը կը պահպանուի», ընդգծեց զօր. Քահուաժի:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը յանձնառու է նաեւ շրջանային տագնապներէն հեռու մնալու եւ երկրին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները պաշտպանելու:

Share this Article
CATEGORIES