Վարչապետ Միքաթի Տաւութօղլուի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Տաւոսի մէջ պիտի մասնակցի 2013-ի Միջազգային տնտեսական համախմբումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 45 երկիրներ:
Համագումարին ընթացքին մասնակիցները պիտի փորձեն պատասխանել աւելի քան 250 հարցումի, որոնք կը վերաբերին համաշխարհային տնտեսութեան բարգաւաճման հեռանկարներուն:
Վարչապետ Միքաթի Պէյրութէն Տաւոս ուղղուելու ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

