Շարպել. «Եթէ Կարելի Չըլլայ Ընտրութիւններէն Երեք Ամիս Առաջ Ընտրական Օրէնք Մը Վաւերացնել, Ապա Կարիքը Կ՛ունենանք Յետաձգելու Ընտրութիւնները»

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն, այսինքն` 9 յունիսէն  երեք ամիս առաջ ընտրական օրէնք մը կարելի չըլլայ վաւերացնել, ապա կարիքը պիտի զգանք երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու:

Շարպել հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կարելի է ջնջել այլ օրէնքով մը եւ այդ հիման վրայ է, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը իր պատրաստութիւնները կը կատարէ:

Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի  մէջ զինեալ ներկայութեան կը զօրակցին քաղաքական ուժեր եւ կուսակցութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES