Սապունճեան Ընդունեց Թունուզի Դեսպանը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Հաթեմ Սայէմը` ներկայութեամբ Լիբանանեան-թունուզեան բարեկամութեան միութեան նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Հաննայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սապունճեանի եւ ճարտարարուեստի մարզի մէկ պատուիրակութեան կողմէ մօտիկ ապագային Թունուզ կատարուելիք այցելութեան եւ Թունուզի մէջ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու հեռանկարները` երկկողմանի գործակցութիւնը բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին եւ մարզերուն մէջ վաւերացնելու համար:
CATEGORIES Լիբանանեան


