Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Խոստանայ Ուղղուիլ Բաց Գործադուլի Եւ Սառեցնել Ամբողջ Պետական Մարզը

Երէկուան ցոյցին մասնակիցները

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գործադրեց ընդհանուր գործադուլ մը, որուն շրջագիծին մէջ կարգ մը շրջաններու պետական եւ սեփական դպրոցները մնացին փակ, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները մնացին ամայի եւ պաշտօնէութենէ զուրկ:

Խորհուրդին կազմակերպած գործադուլին ծիրին մէջ կատարուեցաւ նաեւ ցոյց մը, որուն մասնակիցները Համրայէն` տեղեկատուութեան նախարարութեան կեդրոնին առջեւէն քալեցին մինչեւ վարչապետարան, ուր արտասանուեցան կարգ մը խօսքեր:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ իրենք վճռակամ են շարունակելու մագլցողական բոլոր քայլերուն որդեգրումը, մինչեւ իրենց բոլոր պահանջներուն իրականացումը:

«Մենք ամբողջ պետական մարզը պիտի սառեցնենք, եթէ մինչեւ յառաջիկայ փետրուար պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացուած թղթածրարը կառավարութեան կողմէ խորհրդարան չփոխանցուի», ըսաւ ան:

Իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` Ղարիպ անկէ պահանջեց անմիջապէս միջամտել, որպէսզի վարչապետ Միքաթիի հետ գոյացած համաձայնութիւնը կարելի ըլլայ գործադրել` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ քայլին պէտք է դիմէ նուազագոյնը յարգելու համար երկրին սահմանադրութիւնը:

Իր կարգին, Սեփական վարժարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ ո՛չ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ո՛չ ալ այլ անձնաւորութիւններ կրնան պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը կառավարութեան դարակներուն մէջ զետեղել եւ զանոնք կղպել:

Մահֆուտ յայտնեց, որ չկայ արդար կառավարութիւն մը, որ իր ժողովուրդին իրաւազուրկ դասակարգերուն հետ անարդար կերպով կը վարուի: «Նման կառավարութիւններ կը տապալին», ըսաւ ան:

Հանդիպում` Աշխատանքի Նախարարին Հետ

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հաննա Ղարիպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուսուցիչներուն եւ պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացուած թղթածրարը խորհրդարանին փոխանցելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը սպառնալիքի տակ չի գործեր` աւելցնելով, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջը արդար է եւ անիկա ի վերջոյ պիտի քննարկուի խորհրդարանին կողմէ:

Իր կարգին, Ղարիպ յայտնեց, որ յառաջիկայ փետրուարը պիտի ըլլայ վճռական` աւելցնելով, որ արդէն իսկ ժամանակն է այս թղթածրարը լուծելու. ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը ո՛չ սպառնալիքի տակ եւ ո՛չ ալ առանց սպառնալիքի կը գործէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )