Մոսկուայի Մէջ Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Փութինի Հետ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյման Փութինէն խնդրեց հովանաւորել միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն նպատակն է օժանդակել Լիբանանին` հոգալու համար Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Փութին իր կարգին ընդգծեց Ռուսիոյ կողմէ Լիբանանին մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու հաւանականութիւնը, որպէսզի ան կարենայ սուրիացի գաղթականներուն հարցը լուծել:
Նախագահ Սլէյման Փութինը հրաւիրեց Լիբանան այցելելու:
CATEGORIES Լիբանանեան


