Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Իր Նիստը Աւարտեց Բանավէճով. Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարուի Յառաջիկայ Երեքշաբթի Օր

Ղանեմ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին գումարած իր նիստը աւարտեց բանավէճով մը, որ սկսաւ երեսփոխաններ Ալեն Աունի ու Ահմետ Ֆաթֆաթի միջեւ եւ աւարտեցաւ Ալի Ֆայեատի ու Ահմետ Ֆաթֆաթի միջեւ բանավէճով:

Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն էր, որ ենթայանձնախումբին գումարած գրեթէ բոլոր նիստերուն ընթացքին կը խոչընդոտէր յանձնախումբին աշխատանքը եւ վեթոյի կ՛ենթարկէր ընտրական օրէնքի բոլոր տարբերակները:

Երեսփոխաններ Ալի Ֆայեատ եւ Ալեն Աուն յայտնեցին, որ այս բանավէճին ենթահողը կը կազմէ այն իրականութիւնը, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ ներկայացուած է ընտրական օրինագիծ մը, որուն համաձայն 64 երեսփոխաններ կ՛ընտրուին համամասնական դրութեամբ, իսկ միւս 64-ը` մեծամասնական դրութեամբ:

Ենթայանձնախումբի նախագահ Ռոպեր Ղանեմ նիստին աւարտին յայտնեց, որ ընտրական ենթայանձնախումբին գումարած 18 նիստերէն ետք ան իր տեղեկագիրը` տարակարծութիւններով եւ հասարակ յայտարարներով միասին, պիտի փոխանցէ խորհրդարանի նախագահին, որ իր կարգին այդ տեղեկագիրը պիտի փոխանցէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն:

Ան ըսաւ, որ ենթայանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երեքշաբթի օր` վաւերացնելու համար իր ատենագրութիւնը:

Երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ եթէ միացեալ յանձնախումբերու նիստ մը չգումարուի եւ ենթայանձնախումբին անդամներուն մեծամասնութեան քուէները ստացած Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը չքննարկուի, ապա երկիրը պիտի ուղղուի դէպի բաց տագնապ, որ կրնայ ընտրական օրինագիծով սկսիլ, սակայն ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ ան ինչպէ՛ս կ՛աւարտի:

Աուն շեշտեց, որ այս հարցով պէտք է լիբանանցիներուն հետ անկեղծ ըլլալ, որովհետեւ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:

Երեսփոխան Ֆաթֆաթ իր կարգին յայտնեց, որ Ալեն Աունն է, որ երկու օրէ ի վեր կը մերժէ իր տեսակէտը ներկայացնել քննարկուած օրինագիծերուն առնչութեամբ եւ կը մերժէ գոյացած համախոհութիւնը:

Ֆաթֆաթի այս յայտարարութիւնը մղեց Աունը հարց տալու Ֆաթֆաթի, թէ ի՞նչ համախոհութեան մասին է խօսքը, եւ Ֆաթֆաթի հաստատումներուն վրայ ստիպուեցաւ զայն ստախօս կոչել, ինչ որ պատճառ դարձաւ սուր բանավէճի:

Նշենք, որ ենթայանձնախումբը գումարեց նաեւ իր առաւօտեան նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկել զանազան օրինագիծերը:

Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ցարդ ներկայացուած օրինագիծերէն ամէնէն աւելի համախոհականը Պըրրիի ներկայացուցած տարբերակն է:

Առաւօտեան նիստէն ետք Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ինք պիտի հանդիպի Պըրրիի հետ եւ այդ հանդիպումին արդիւնքները պիտի փոխանցէ ենթայանձնախումբին:

Այն Թինէի Մէջ

Ղանեմ եւ Պըրրի

Այն Թինէի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Ղանեմի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը իրեն յանձնած է որոշ միտքեր, որոնք պիտի օժանդակեն խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքներուն շարունակման:

Միւս կողմէ, Պըրրիի հետ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ներկայ երեսփոխաններ յայտնեցին, որ Պըրրի շեշտած է ընտրական համախոհական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծած երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )